image

Հալէպ Յառաջիկայ Օրերուն Ելեքդրականութիւն Պիտի Ունենայ (Լուսանկար)

Հալէպ Յառաջիկայ   Օրերուն  Ելեքդրականութիւն Պիտի Ունենայ (Լուսանկար)

Սուրիա-     Հալէպի  եւ շրջակայից շրջաններու ելեքդրականութեան մատակարարման  թուականը մօտալուտ է: Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ ելեքդրականութեան  ընկերութեան կայքէն:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող  օրերուն    ընկերութեան վերանորոգչական    մասնագէտներ  կարեւոր աշխատանքներ եւ վերանորոգումներ իրականացուցած են  Հալէպի  հարաւային հատուածի Ազզան, Րասըմ Պաքրո,Պլաս, Ղըպթին եւ  Ալ Հատէր    շրջաններուն մէջ: Աղբիւրը, որ չի նշեր, թէ       Հալէպի  ընդհանուր լուսաւորումը երբ պիտի կատարուի   քաղաքացիներուն կը յիշեցնէ, որ վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ   ասկէ ամիս մը առաջ վերանորոգումներ կատարելը անհնար էր  ահաբեկիչ զինեալներու ներկայութեան  պատճառով:  Յիշեցնենք, որ  39   օրերերէ ի վեր Հալէպը կը մնայ առանց ելեքդրականութեան իսկ քաղաքացիները     կը ստիպուին  մեծ  գումարներ վճարել ոչ օրինական աղբիւրներէ ելեքդրական հոսանք   գնելու համար: Հայկական շրջանները եւս  կը մնան առանց ելեքդրաական հոսանքի մատակարարման: