Սուրիա- Հալէպի լուրերը սփռող Ֆէյսպուքեան I News էջը Հալէպի ջուրի տագնապին վերաբերեալ կոչ մը հրապարակած է: Կոչին վրայ 15 տարբեր լեզուներով կը խօսուի Հալէպի ջուրի ծանր տագնապին մասին: Նշենք, որ այդ լեզուներու շարքին է նաեւ հայերէնը: Էջը Ֆէյսպուքի օգտատերերէն խնդրած է տարածել սոյն նկարը: Յիշեցնենք, որ Հալէպ ամիսներէ ի վեր յայտնուած է ջուրի սուր տագնապի մը մէջ: