image

Հակաժակորդի հերթական սադրանքը «մերկացնող» տեսանիւթը

Հակաժակորդի հերթական  սադրանքը «մերկացնող»  տեսանիւթը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է տեսանիւթ մը, որ կ՛ապացուցէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի  սադրանքին վկայութեան տեսագրութիւնը: Տեսանիւթի առնչութեամբ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը յայտնած է հետեւեալը. «Առաջին օղակը կը մատնանշէ «Տրոփայ» ականազերծող համակարգի արձակումը: Երկրորդին մէջ կրնաք տեսնել անոր արձակումէն յետոյ յառաջացած փոշին, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի «պատասխան կրակ»ը: Երրորդ  տեսարանին  մէջ` ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու փախուստն է` հայկական կողմի կրակին  ներքեւ:  

Տեսանիւթերը կարտացոլացնեն  գործողութիւնները Աղտամի, Ակնի ուղղութեամբ: Իսկ աւարտին պարզ կ՛երեւին Մարտունիի հատուածին   մէջ   ոսոխի  թողած դիակները»։