Փետրուար 24-ին, ժամը 23․45-ին, ՆԳՆ ոստիկանութեան արագ արձագանգման կառավարման կեդրոն զանգած տղամարդը յայտնած է, որ Լէոյի փողոցին վրայ Շտապօգնութեան աշխատակիցներ անյայտ անձինք ծեծի կ՚ենթարկեն։ Յայտնած են Ոստիկանութենէն:
Ահազանգը փոխանցուած է Պարեկային ծառայութիւն եւ Համայնքային ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին։
Պարեկները նշուած վայրի մէջ յայտնաբերած, ձերբակալած եւ բաժին տեղափոխած են Արմաւիր քաղաքի 37-ամեայ եւ Մեծամօր քաղաքի 20-ամեայ բնակիչները։
Պարզուած է, որ տղամարդիկ ոգելից խմիչքի ազդեցութեան տակ վատ զգալու համար Շտապօգնութիւն կանչած են եւ վէճի բռնուած աշխատակիցներու հետ։
37-ամեայ տղամարդու անձնական խուզարկութեամբ յայտնաբերուած են 6 կրամէն աւելի դեղնականաչաւուն զանգուածով երկու փաթեթ եւ դեղնականաչաւուն զանգուածով գլանակ։
20-ամեայ մեծամօրցիի անձնական խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է դեղնականաչաւուն զանգուած։
Կազմուած փաստաթուղթերը ներկայացուած են նախաքննական մարմին։
Յիշեցնենք, որ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը ֆէյսպուքեան էջին գրած է, որ գիշերը բռնութեան հերթական դէպքը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ` շտապօգնութեան մեր բժիշկներու նկատմամբ, որոնք շտապած են կանչի` անհրաժեշտ բուժօգնութիւն տրամադրելու: