image

Հակասական Տեղեկութիւններ Ապու Ալ Պաքըրին Մասին

Հակասական Տեղեկութիւններ Ապու Ալ Պաքըրին Մասին

Իրաք – (New  TV - Պէյրութ)- Ըստ   «Ալ Ժատիտ»  կայանի  աղբիւրներուն Իրաքեան զօրքը ռմբակոծած է «Իսլամական պետութեան» հրամանատար Ապու Պաքըր Պաղտատին, երբ Քարպալա շրջանէն Իրաք-Սուրիական սահմանին վրայ կ'ուղղուէր ներկայ գտնուելու ժողովի  մը:Իրաքեան զօրքը իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ թէ «Իրաքեան զօրքը ռմբակծեց «Իսլամական պետութեան»  հրամանատար «Ապու Պաքըր Պաղտատիի  շարասիւնը,  սակայն անոր ճակատագիրը մը մնայ անյայտ: Զինուորական գործողութիւնը իրականացուց «Արծիւներու բջիջը» «Խալիէթ Սուքուր»ը եւ Իրաքեան օդուժը: Իրաքեան բանակի  բանբերը նաեւ  հաւաստիացուց, որ շատ մը   -ի  ահաբեկիչ խումբեր սպանուած կամ վիրաւորուած են: Եւ որ այս գործողութեան ընթացքին սպանուածներուն անունները պիտի յայտարարուին  յետագային:Ասոր կողքին    «Ռոյթըրզ» ործակալութիւնը յայտնեց, թէ ռմբակոծումներ տեղի ունեցած են սակայն սպանուածներուն մէջ Պաղտատիի անունը չկայ:Իսկ  «Իսլամական պետութեան»  յայտարարութիւնը թուիթըրի վրայ կ'ըսէ, թէ «Իսլամական Խալիֆայութիւնը Պաղտատիի մահով չաւարտիր».  Վստահեցնելով, թէ իրենք  պիտի շարունակեն իրենց ուղին: