Իրաք – (New TV - Պէյրութ)- Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանի աղբիւրներուն Իրաքեան զօրքը ռմբակոծած է «Իսլամական պետութեան» հրամանատար Ապու Պաքըր Պաղտատին, երբ Քարպալա շրջանէն Իրաք-Սուրիական սահմանին վրայ կ'ուղղուէր ներկայ գտնուելու ժողովի մը:Իրաքեան զօրքը իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ թէ «Իրաքեան զօրքը ռմբակծեց «Իսլամական պետութեան» հրամանատար «Ապու Պաքըր Պաղտատիի շարասիւնը, սակայն անոր ճակատագիրը մը մնայ անյայտ: Զինուորական գործողութիւնը իրականացուց «Արծիւներու բջիջը» «Խալիէթ Սուքուր»ը եւ Իրաքեան օդուժը: Իրաքեան բանակի բանբերը նաեւ հաւաստիացուց, որ շատ մը -ի ահաբեկիչ խումբեր սպանուած կամ վիրաւորուած են: Եւ որ այս գործողութեան ընթացքին սպանուածներուն անունները պիտի յայտարարուին յետագային:Ասոր կողքին «Ռոյթըրզ» ործակալութիւնը յայտնեց, թէ ռմբակոծումներ տեղի ունեցած են սակայն սպանուածներուն մէջ Պաղտատիի անունը չկայ:Իսկ «Իսլամական պետութեան» յայտարարութիւնը թուիթըրի վրայ կ'ըսէ, թէ «Իսլամական Խալիֆայութիւնը Պաղտատիի մահով չաւարտիր». Վստահեցնելով, թէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց ուղին: