image

Առեւանգում թէ մոլորում. Տեղեկութիւններ դեռահաս Անտրէ Գիագունցի մասին

Առեւանգում թէ մոլորում. Տեղեկութիւններ դեռահաս  Անտրէ Գիագունցի մասին

Մոլորուած եւ Ատրպէյճանի տարածք հասած  դեռահաս պատանին, ուսանող էր Գորիսի համալսարանին մէջ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք դեռահաս պատանիին մասին Գորիսի գիւղատնտեսական գոլէճի հրապարակած լուրը։

Այսօր առաւօտեան յայտնի դարձաւ, որ Գորիսի փրոֆ․ Խ․ Երիցեանի անուան պետական գիւղատնտեսական քոլէճի «Գիւղատնտեսութեան մեքենայացում» մասնագիտութեան երկրորդ տարուայ ուսանող՝ Անտրէ Արմէնի Գիագունց, որոշ հանգամանքներու բերումով յայտնուած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։

Այս լուրը խոր անհագստութիւն եւ ցաւ յառաջացուցած է, ինչպէս մեր ուսումնական հաստատութեան մէջ, նոյնպէս ուսանողին ընտանիքին, ընկերներուն եւ ամբողջ համայնքին շրջանակներուն մէջ։

Մենք կը բաժնեկցինք անոնց ապրումները՝ ցաւը դարձնելով ընդհանուր, իսկ յոյսը՝ միաւորուած։

Անտրէ Գիագունցը միշտ ճանչցուած է իր բարութեամբ, համեստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։ Վստահ ենք՝ այս փորձութիւնն ալ կը յաղթահարէ ան եւ կը վերադառնայ:

Մինչ այս լուրը կը խմբագրէինք, տեղեկացանք, որ այսօր առաւօտ ատրպէյճանեան կողմ անցած երկու դեռահաս պատանիները վերադարձած են հայրենիք։

Այս տեղեկութիւնը հաստատած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։ Ըստ աղբիւրի՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի անչափահաս բնակիչները, որոնք մոլորուած էին, յայտնաբերուած են եւ այժմ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: