15 յունուարին՝ ժամը 23:35-ին, Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած է 30 դեկտեմբեր 2016-ին հակառակորդի կողմէ ծանր վիրաւորում ստացած զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Գարիկ Արտաշեսի Վարդանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն։
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատնեուն եւ ծառայակիցներուն:
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ հիւսիս-արեւելեան սահմանին հակառակորդի կողմէ 30 դեկտեմբերի գիշերը հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած էր ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեանը, որուն տեղափոխած էին Մուրացանի զինուորական հիւանդանոց։
Հրազէնային վիրաւորում ստացած ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեանը քոմայէն դուրս չէր եկած: