image

ՀԱԿ-ը Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Դէմ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկաւ

ՀԱԿ-ը Սահմանադրական  Փոփոխութիւններուն Դէմ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկաւ

Հայաստան- Հայաստանի ընդդիմադիր «Հայ Ազգային Գոնկրէս» (ՀԱԿ) կուսակցութիւնը դէմ է    ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած սահամադրական  փոփոխութիւններուն: Գոնկրէսը այս մասին այսօր  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նկատել տուած, որ  սահմանադրական  փոփոխութիւնները միտուած են   նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան  վերարտադրութիւնը ապահովելու:  Գոնկրէսը,  որ  չի նշեր իրենց   ապագայի քայլերուն մասին   յայտնած է, թէ իրենք ամէն ճիգ  պիտի գործադրեն քաղաքական դաշտին    սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ  համաժողովրդային ճակատ  կազմելու: Նշենք,որ   15  Յուլիսին  ՀՀ  իշխանութիւնները հրապարակած էին  սահմանդարական փոփոխութիւններու  մասին առաջարկ-  օրինագիծը  կամ նոր սահմանդրութեան առաջարկը: