image

«Հաարէց». Պատերազմը պիտի աւարտի առանց «Յաղթող Իսրայէլ»ի պատկերին

 «Հաարէց». Պատերազմը պիտի աւարտի առանց «Յաղթող Իսրայէլ»ի պատկերին

 Իսրայէլեան Haaretz  պարբերականը  կը խօսի իսրայէլեան   ծրագիրներու ձախողման մասին,  ընդգծելով,  «Համաս»-ը արմատացած է պաղեստինեան հասարակութեան մէջ եւ   պատրաստ չէ յանձնուելու։ 

Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»

Իսրայէլեան «Հաարէց» թերթը անդրադարձած է սպանութիւններու խնդրին, որոնք իսրայէլեան բանակը կը պնդէ որ իրագործած է Կազայի հատուածին մէջ՝ պաղեստինեան դիմադրութեան եւ «Համաս» շարժման առաջնորդներու դէմ, մատնանշելով դիմադրութիւնը վերացնելու կամ անոր պարտութեան մատնելու այս մեթոտի պատմական ձախողումը։

Թերթի հետախուզական վերլուծաբան Եոսի Մելման իր վերջերս  ստորագրած յօդուածին մէջ  կ՚ընդգծէ, որ «Համաս»-ի առաջնորդներուն «հասնիլ»ը եւ անոնց սպանելը չեն վերացներ «Համաս»ը՝ ընդգծելով, որ շարժումը արմատացած է պաղեստինեան հասարակութեան մէջ՝ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի, Կազայի, Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ , եւ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս նոյնպէս։Նոյն պարունակին մէջ թերթը նշած է, որ իսրայէլեան ամենատարածուած պատրանքներէն մէկն այն է, որ «գլուխներ կտրել»ը կ՚օգնէ «պաղեստինեան խնդրի վերացման», որուն «կը հաւատան շատերը, նոյնիսկ անվտանգութեան եւ ռազմական կառոյցներուն մէջ»։

Haaretz  աւելցուցած է, որ «Համաս» «ձեռքերը չի բարձրացներ» եւ յանձնուիր, այլ աւելի շատ ան կը շարունակէ պայքարիլ՝ միաժամանակ փոխելով մարտավարութիւնը։ Վերլուծաբանը նաեւ նշած է, որ «Համաս»ի  մարտիկները կը յաջողին վերադառնալ այն տարածքները, որոնք իսրայէլեան բանակը պնդած էր, որ գրաւած է Կազայի մէջ: Ըստ թերթին, դաշտային իրականութիւնը աւելի բարդ է, քանի որ դիմադրութիւնը իսրայէլեան բանակին բազմաթիւ կորուստներ կը պատճառէ՝ զինուորներու եւ սպաներու շարքերէն.  Նշելով, որ Կազայի հատուածին մէջ ցամաքային մարտերու սկիզբէն ի վեր  իսրայէլեան  բանակի հարիւրաւոր սպաներ եւ զինուորներ  զոհուած են։ Բացի այդ, պատճառուած են նաեւ «անտեսանելի» վնասներ, նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան բանակի շարքերուն մէջ շատերը կը տառապին յետ-հոգեխոցային (post-traumatic) սթրեսային խանգարումէ, որու նշանները կրնան յայտնուիլ մարտերու աւարտէն  ամիսներ կամ տարիներ անց, ինչպէս գրած է թերթը։Նաեւ փաստացիօրէն  ապացուցուած է, որ   Իսրայէլի  կողմէ առաջ քաշուած ՝««Համաս»ի բարձրաստիճան առաջնորդները «կը թաքնուին գերիներու հետ փապուղիներու մէջ,  օգտագործելով  զանոնք  որպէս կենդանի վահան» վարկածը    ամբողջովին անհիմն է։

 

«Իսրայէլը պէտք չէ ոգեւորուի սպանութիւններով»

 

«Հաարէց» աւելցուցած է, որ պաղեստինցի առաջնորդներու, իրանցի միջուկային գիտնականներու  սպաննութիւնը  կազմակերպելու  գործելաոճը   շատ մը  իսրայէլացի  պատասխանատուներ համար «սիրուած» ոճ մըն է, որ սակայն   այս օրերուն ցոյց կու տայ իր անարդիւնաւէտ ըլլալը։

Թերթը շարունակած է՝ ըսելով, որ «Իսրայէլի կառավարութեան, Արտաքին եւ Անվտանգութեան նախարարութիւններու, լրտեսական կազմակերպութիւններու  բոլոր փորձերը «ձախողեցան «սպանութեան վարդապետութիւն»ը ձեւակերպելու գործին մէջ»։

Թերթն ընդգծած է, որ պէտք է յիշել, որ սպանութիւնները բոլոր պարագաներուն «սահմանափակ եւ կարճաժամկէտ ազդեցութիւն կ՚ունենան»։ Այս ծիրէն ներս  աղբիւրը անդրադարձած է «Հըզպալլա»ի  ռազմական առաջնորդներէն՝ Իմատ Մուղնիէի    (որ  տեղի ունեցաւ 2008 թուականին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ),   եւ  Իրանցի զօդահրամանատար   Զօր. Ղասէմ Սուլայմանիի սպաննութիւններուն:Այս երկու սպանութիւններու առնչութեամբ Haaretz շեշտած է, որ  սպաննութիւնները  ««ռազմավարական փոփոխութեան չեն յանգեցուցած», եւ «Հըզպալլա»ն ու «Ալ- Քուտս»ի ուժերը նոյն եռանդով եւ վճռականութեամբ կը շարունակեն իրենց գործը», աւելցնելով, որ  «Իսրայէլ պէտք չէ տարուի սպանութիւններով,   եւ հասկնայ, որ սպանութիւնները ամէն ինչ չեն եւ ռազմավարութեան փոխարինող չեն»:

Թերթը աւելցուցած է, որ Կազայի դէմ պատերազմը «պիտի աւարտի առանց յաղթող Իսրայէլի պատկերին , եւ նոյնիսկ «Համաս»ի առաջնորդներու սպանութիւնը պիտի չփոխէ այս փաստը», բացատրելով, որ «Իսրայէլը Կազայի ճահիճէն դուրս բերելու միակ միջոցը ռազմավարական բազմակողմ քաղաքական  քայլերն ու շփումներն են»։