Այսօր՝ 28 յունուարը, հայոց բանակի կազմաւորման օրն է, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 33-րդ տարեդարձը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ» որոշումն ընդունուած է 1992 թուականի յունուար 28-ին։
Հայաստանի զինուած ուժերու տօնը սահմանուած է 2001 թուականի յունուար 6-ին` «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու» մասին օրէնքով։ 2002 թուականին օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններով` այն ոչ աշխատանքային է։
Գիտակցումը, որ բանակը երկրի անվտանգութեան առաջին երաշխաւորն է, մեզ պէտք է ստիպէ բանակաշինութեան ընթացքը դարձնել արդիւնաւէտ, իրականացնել բարեփոխումներ, ստեղծել 21-րդ դարուն հարիր մարտունակ բանակ:
Յունուար 26-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարի մէջ Հայոց բանակի օրուան կապակցութեամբ`յաւարտ Սուրբ և Անմահ Պատարագի, կատարուած է Հանրապետական մաղթանք։