image

Իսրայէլ  յայտնած է պատերազմը դադրեցնելու իր պայմանները. Axios

Իսրայէլ  յայտնած է պատերազմը դադրեցնելու իր պայմանները. Axios

Իսրայէլի վարչապետի աշխատակազմն անցեալ շաբաթ փաստաթուղթ ուղարկած է Սպիտակ տուն` ներկայացնելով Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» շարժման դէմ Իսրայէլի սկսած ռազմական գործողութեան դիւանագիտական կարգաւորման իր պայմանները:

Ինչպէս հաղորդած է Axios-ը՝ վկայակոչելով Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի աղբիւրները, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Ամոս Հոխշթէյնը 21 հոկտեմբերին Պէյրութ կատարած այցի ժամանակ պէտք է այս ծրագիրը ներկայացնէ Լիբանանի կառավարութեան։

Իսրայէլի անանուն պաշտօնեայի խօսքով՝ փաստաթուղթը կազմուած է Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Ռոն Տերմերի եւ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ բանակցութիւններէն ետք։

Թել Աւիւի պահանջներէն մէկն այն է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին թոյլ տրուի «բուռն գործել», որ երաշխաւորէ, որ «Հըզպալլա»-ն չի վերականգներ իր ռազմական ենթակառուցուածքը Լիբանանի հարաւային սահմանին: Իսրայէլը նաեւ կը պահանջէ, որ երկրի ռազմաօդային ուժերը լիբանանեան օդային տարածքին մէջ գործողութիւններու լիակատար ազատութիւն ունենան։

Ամերիկացի անանուն պաշտօնեայի խօսքով, Լիբանանը եւ միջազգային հանրութիւնը դժուար թէ համաձայնին Իսրայէլի պահանջներուն: Ան կը կարծէ, որ յայտարարուած պայմանները կը խաթարեն Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը։

Նշուած է նաեւ, որ երկու պահանջներն ալ կը հակասեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւին, որ Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ հրադադարի պահպանման պատասխանատւութիւնը կը դնէ Լիբանանի զինուած ուժերու եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու վրայ (UNIFIL):