Յունուար 28-ին՝ Բանակի օրուան կապակցութեամբ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն։
Անորմէ առաջ արդէն Եռաբլուր եկած էին ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, փոխվարչապետներ Տիգրան Խաչատրեանն ու Մհեր Գրիգորեանը, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ԳՇ պետ Էդուարդ Ասրեանը, ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, ԱԱԾ պետ Արմէն Աբազեանը, այլ նախարարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Հնչած է Հայաստանի պետական օրհներգը: ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած զինծառայողներու յիշատակին:
ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու էիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:
ՀՀ վարչապետը ընկերային ցանցի իր էջերով Եռաբլուր այցէն կարճ տեսանիւթ հրապարակած է։