ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2019-2023 քառամեակի երրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան 9 եւ 10 նոյեմբեր 2022-ին, Պէյրութի մէջ, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան կազմակերպչական, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, քարոզչական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական գործունէութեան այլազան բնագաւառները:
Կեդրոնական վարչութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Արցախի մէջ սկաուտական շարժումի վերակազմակերպման աշխատանքներուն, որոնց համար յատուկ գործիչ մը գործուղած էր շրջան` վեցամսեայ առաքելութեամբ: Սկաուտական գործունէութեան առընթեր, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց իր ներդրումը ունենալ Արցախի մէջ ֆութպոլի դաշտի մը գնման ծրագիրին: Դաշտը պիտի կոչուի ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչական, 44-օրեայ պատերազմի նահատակ` ՀՄԸՄ-ական եղբ. Արտակ Իշխանեանի: Արծարծուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղին յատուկ կեդրոնի մը ապահովման կարելիութիւնը:
Կեդրոնական վարչութիւնը ողջունեց վերջերս զգալի աշխուժացում ապրող ՀՄԸՄ-ի Թիֆլիսի, Ամմանի, Երուսաղէմի, Հայֆայի, Եաֆայի եւ Շուէտի մասնաճիւղերուն ի գործ դրած ջանքերը, յատկապէս` Շուէտի Օրէպրու քաղաքին մէջ նոր մասնաճիւղի մը ստեղծումով: Կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց Ալմելոյի (Նետըրլենտներ) եւ Արմաւիրի (Հայաստան) մէջ ՀՄԸՄ-ի նոր կեդրոններու բացումը, ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի եւ Պէյրութի ակումբներուն վերանորոգումը, Հալէպի մէջ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի նոր դաշտերու կառուցումը եւ ՀՄԸՄ-ի համաեւրոպական մարզաւանի շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկը Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ:
Սկաուտական մարզի պարագային, Կեդրոնական վարչութիւնը ճշդեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին թուականը (21-30 յուլիս 2023) եւ խմբապետական գործադիր կազմը: Կեդրոնական վարչութիւնը ծանօթացաւ սկաուտական «Արարատեան» ու «Վկայեալ կարգ»-ի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի դասընթացքներու կազմակերպման ընթացքին եւ ողջունեց սկաուտական երեք նոր գիրքերու («Երկաստղ», «Բ. կարգ», «Ա. կարգ») վերամշակուած տարբերակներուն պատրաստութիւնն ու անոնց ելեկտրոնային տարբերակներուն ներկայացումը միութեան կայքէջով:
Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց անցնող ամառ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն եւ ՀՄԸՄ-ի շրջաններուն մեծաթիւ մասնակցութեան` իբրեւ «Քորոնա»-յի համաճարակէն ետք Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին նախաձեռնութիւն: Իբրեւ նորութիւն, գնահատելի նկատուեցաւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը` յառաջիկային այդ մարզախաղերը կրկնելու եւ աւելի լայն շրջանակներու եւս հասնելու մտադրութեամբ: Նաեւ քննարկման նիւթ դարձաւ առցանց մարզախաղերու դրական փորձառութիւնը, եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ տարի կրկնել այդ մարզախաղերը:
Լիագումար նիստերը համապատասխան զեկուցումներ լսելէ ետք` արծարծեցին ՀՄԸՄ-ական երիտասարդութեան (18-35 տարեկան միութենականներու) համար աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները: Որոշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը կատարել ապրիլ 2023-ին, Կիպրոսի մէջ:
Կեդրոնական վարչութեան երրորդ լիագումարի նիստերը կանգ առին նաեւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին, երկլեզու կայքէջին, ընկերային ցանցերուն եւ, առհասարակ, քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքներուն վրայ: Այս իմաստով գնահատելի նկատուեցան նորարութեան հետ քայլ պահելու եւ երիտասարդութեան առաւելագոյն չափով հասանելի դառնալու միութեան ճիգերը` բազմալեզու տեսանիւթերու պատրաստութեամբ, համացանցային նոր հարթակներու մէջ ներկայութեամբ եւ այլն: Այս իմաստով դրական նկատուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց առաջին խորհրդաժողովին կազմակերպումը եւ անկէ բխած առաջարկներուն իրականացումը (քարոզչական ուղեցոյցի, տօնացոյցի եւ քարոզչական լրատուամիջոցներու քարտէսի պատրաստութիւն):
Յատուկ օրակարգով քննարկումի նիւթ դարձան միութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տեղեկութիւններու շտեմարանի (Data base) հարստացման աշխատանքները` միութեան բոլոր շրջաններու պատասխանատուներու միացեալ ճիգերով:
Տնտեսական օրակարգը իր լայն տեղը ունեցաւ Կեդրոնական վարչութեան նիստերուն ընթացքին. զեկուցումներ ներկայացուեցան ՀՄԸՄ-ի «Գառնիկ Մկրտիչեան», «Միհրան Շիմշիրեան» եւ «Ժիրայր Սարգիսեան» ֆոնտերուն մասին: Քննուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր ֆոնտին (Endowment fund) յանձանձումին կապուած հարցեր:
Վերջապէս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը քննեց Միջին Արեւելքի տագնապահար գաղութներու իր միաւորներուն օժանդակութեան ծրագիրները եւ որոշեց ամէն գնով թեւ ու թիկունք կանգնիլ միութեան պատմական շրջաններու անխափան գործունէութեան:
Աւարտին, քննարկումի նիւթ դարձան լիագումար նիստերէն անմիջապէս ետք տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովին եւ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին օրակարգերը:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ