image

Գործադուլ ողջ երկրով մէկ. Լիբանանի դեղարանները վաղուընէ՝ փակ

Գործադուլ ողջ երկրով մէկ. Լիբանանի դեղարանները վաղուընէ՝ փակ

Լիբանանի տնտեսական տագնապին զուգահեռ կը սրի դեղորայքի տագնապը:

  Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ LBCI     կայանէն։

 Աղբիւրը  կը նշէ,  որ  դեղարաններու սեփականատէրերու միութիւնը  յայտարարած է, որ  բոլոր դեղարանները վաղուընէ սկսեալ ընթացք պիտի տան համընդհանուր գործադուլի։

 

 Դեղարաններու սենտիքան նոյնպէս կոչ ուղղած էր  երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան բանականութեամբ գործելու եւ անմիջապէս հրապարակելու կառավարական նեցուկ վայելող դեղերուն ցանկը, որպէսզի հնարաւորութիւն ըլլայ մնացեալ դեղերը վաճառել օրուայ գնով եւ օրինաւոր ձեւով, հեռու մնալով մաքսանենքութենէ ու սեւ շուկայէ, որոնց պատճառով մեծագոյն վնաս կրողը՝ հիւանդն է:

 

 Նշենք, որ պետական նեցուկի բացակայութեան պայմաններուն  դեղ ներածող մեծ թիւով ընկերութիւններ ստիպուած եղած են դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը, որուն հետեւանքով ալ  ամենատարրական դեղեր գտնելը դարձած է դժուարագոյն խնդիր  պարզ քաղաքացիներուն համար, եւ նոյն պայմաններուն հետեւանքով, աշխուժացած է այդ դեղերու վաճառքը շահարկելու ու նաեւ «սեւ շուկա»ի տրամաբանութեամբ գործելու եղանակը։