(Թուրքիա-«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- «Տէյլի Սապահ» կը գրէ թէ, հիւսիսային Թուրքիոյ ամենամեծ պղինձի հանքին աշխատաւորները գործադուլի սկսած են, դադրեցնելով իրենց աշխատանքները հանքին մէջ:Քուանդայիւմ մետաղներու հաստատութեան պատկանող հանքի 320 աշխատաւորները գործադուլ յայտարարած են, երբ ընկերութիւնը մերժած է բարձրացնել աշխատավարձերը, երկարաշունչ բանակցութիւններու հետեւանքով ձեռք բերուած հաւաքական աշխատանքի պայմանագրի հիման վրայ: Րիզ նահանգի Քայէլի շրջանէն, Զաքարիէ Կուլթէքին, հանքի աշխատաւորներու միութեան ներկայացուցիչը, բողոքող հանքագործներուն անունով լրագրողներուն խօսելով, ըսած է թէ, գործադուլը արդիւնք էր ընկերութեան երեք յաջորդական տարիներու ընթացքին աշխատավարձերը բարձրացնելու աշխատաւորներու փափաքին մերժման հետ: «Ասի Թուրքիոյ ամենակարեւոր հանքերէն մէկն է, տարիներէ ի վեր բարձր եկամուտներ ապահոված է ընկերութեան եւ էական ներդրում՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան: Ընկերութիւնը տարիներ գլխաւոր հարկատուներու շարքին էր եւ յաջողած է իր եկամուտները կայուն պահել, նոյնիսկ երբ լճացում եղած եւ մետաղի գիները իջած են: Կարելի չէ արդարացնել ընկերութիւնը յաւելում չտալուն համար, մինչեւ այս քաղաքականութիւնը չդադրի, մենք կը մերժենք գործի դառնալ»:Ըստ կայքէջին, Քայէլի հանքը կ'արտադրէ պղինձի խտանիւթ, պղինձ, զինկի խտանիւթ եւ այլ մետաղներ: Անոր արտադրողական կարողութիւնը տարեկան 1.2 միլիոն թոն է: