image

«Գրած բանաստեղծութիւնս բուժում էր հոգիիս համար...» Լիբանանահայ ՝Բերլա Գանթարճեանի հեղինակած քերթուածը լուսին պիտի հասնի(Լուսանկար)

 «Գրած բանաստեղծութիւնս բուժում էր հոգիիս համար...» Լիբանանահայ ՝Բերլա Գանթարճեանի հեղինակած  քերթուածը լուսին պիտի հասնի(Լուսանկար)

Լիբանանահայ երիտասարդ գրող Բերլա Գանթարճեանի «Half Woman, Half Starlight» (Կէս մարդ, կէս աստղալոյս) անգլերէն լեզուով գրուած բանաստեղծութիւնը մաս պիտի կազմէ դէպի լուսին գացող հաւաքածոներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերլայի դիմատետրէն:

Իւրայատուկ միջազգային ծրագիրով մը՝ «Lunar codex», ողջ աշխարհէն 6500 ժամանակակից արուեստագէտներու ընտրանի գործեր լուսին պիտի ուղարկուին, զետեղուած երեք ժամանակի պարկուճներու մէջ՛ որոնք կը կրեն՝ "The Peregrine Collection", "The Nova Collection" եւ "The Polaris Collection" անունները։Այս հաւաքածոներու արձակումը դէպի լուսին պիտի ընթանայ երեք հանգրուաններով, առաջին երկուքը՝ 2022-ի ընթացքին, իսկ վերջինը 2023-ին: Գործերը զանազան բնագաւառներէն են, ինչպէս՝ ժամանանակից գիրքեր, պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն եւ շարժանկարներ: 

Դէպի լուսին ուղարկուող գործերէն մէկը պիտի ըլլայ լիբանանահայ երիտասարդուհի Բերլա Գանթարճեանի բանաստեղծութիւնը՝ «Half Woman, Half Starlight» (Կէս մարդ, կէս աստղալոյս):

Գանթարճեան «Նիտաա Ալ ուաթան» պարբերականին հարցազրոյց մը տալով, մասնաւորապէս ըսած է,-«Այս բանաստեղծութիւնը գրած եմ 2021-ի սկիզբը, անիկա աւելի շատ կը նմանի խոստովանութեան, բաւական անձնական է, որ յիշեցնէ ինծի, թէ որքան կարեւոր է կառչած մնալ այն կեանքին ուր ես գոյութիւն ունիմ հակառակ շուրջս կատարուած բոլոր խռովութիւններուն։Մանաւանդ Պէյրութի մէջ եղած դէպքերուն։ Այս բանաստեղծութիւնը ձեւով մը բուժում էր հոգիիս համար: Եւ ես անձամբ երբ հարցուցի «Lunar codex» ծրագրի պատասխանատու՝ դոկտ. Սամուէլ Պէրալթային թէ ինչու այս բանաստեղծութիւնը ընտրած է, ան ըսաւ «երբ հրապարակեցիր այս բանաստեղծութիւնդ շատ ազդուեցայ, ոչ միայն որովհետեւ գրական արժէք ունի այլ նաեւ գիտական առումով ալ ճիշդ է, վերջ ի վերջոյ, մեր բջիջները եւ գոյութիւնը ցոյց կու տան որ մենք բոլորս աստղի լոյսեր ենք»: Իմ բանաստեղծութեան հիմնական միտքը այն է, որ ես կէս կին եմ ու կէս աստղալոյս, այսինքն այն լոյսը, որ պիտի լուսաւորէ ճանապարհս կը գտնուի իմ մէջ»: 

 Բէրլա կը նշէ, 50 տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի կարեւոր ծրագիր մը պիտի հասնի լուսին: «Lunar codex» ծրագրին նպատակն է, հաղորդակցութեան մէջ մնալ ապագայի մարդոց հետ, լուսնի վրայ զետեղելով մարդկութեան ստեղծած արուեստի նմոյշներ, որպէսզի ապագային անջրպետի ճամբորդները կամ տիեզերագնացները երբ գտնեն այս ժամանակի պարկուճները գաղափար կազմեն, թէ ինչ հարուստ քաղաքակրթութիւն ունէր Երկիրը: 

Ըստ Բերլային այս գաղափարը կը շեշտէ, թէ անկախ պատեազմներէն, համավարակներէն եւ կլիմայի հետ կապուած հարցերէն, մարդկութիւնը ժամանակ գտած է երազներ հիւսելու եւ արուեստ ստեղծելու: «Ես տակաւին դժուարութիւն կը գտնեմ հաւատելու, թէ իմ անձէս մաս մը պիտի հասնի լուսին եւ երբ ամէն գիշեր պիտի նայիմ երկնքին երախտապարտ պիտի զգամ, որ այս առիթը ունեցած եմ։ Ես ոչ միայն հպարտ եմ անով, որ առաջին լիբանանահայ արուեստագէտն եմ, որուն գործը պիտի հասնի լուսին, այլ նաեւ հպարտ եմ որ պիտի ներկայացնեմ երկու երկիր եւ երկու ազգ, որոնք դիմագրաւած են եւ տակաւին կը դիմագրաւեն գոյութեան մարտահրաւէրներ»,- ըսած է Բերլա: 

Ի դէպ, Բերլա նշած է թէ, որպէս բանաստղծուհի պատասխանտուութիւն կը զգար, բայց հիմա ալ աւելի մեծ է այդ զգացումը,- «Ես պատասխանատու կը զգամ որ կը ներկայացնեմ երկու ազգ եւ կ'ուզեմ ըսել այն բոլոր ուժերուն, որոնք կը փորձեն ոչնչացնել մեր գոյութիւնը «մի փորձէք մարել այն լոյսը, որ կը պատէ զիս» այս է բանաստեղծութեանս վերջին միտքը»: 

Իսկ այն հարցին, թէ ինչ պատգամ ունի տալու երիտասարդներուն ան ըսած է,- «Վերջերս, Լիբանանի տագնապներու ֆոնին, անոր պատկերը հանրային կարծիքին առջեւ փոխուեցաւ, մանաւանդ պետական պատասխանատուներու տարածած ատելութեան, ագահութեան եւ ոխի զգացումներուն պատճառաւ: Յոյսով եմ, որ մասնակցութիւնս այսպիսի միջազգային մեծ իրադարձութեան, կը փոխէ այդ նայուածքը, եւ իմ այս նուաճումը կը խրախուսէ երիտասարդները որպէսզի փոխեն իրենց կարծիքը իրենց երկրին նկատմամբ, փորձեն գտնել ճամբայ մը, որպէսզի յաղթահարելով վէրքերը  առաջ երթան»: 

 Arevelk.am -ի համար  քաղեց՝ Թ.Գ.