image

Պատահական հանդիպում՝ ....երաժշտութեան կածաններով

Պատահական հանդիպում՝ ....երաժշտութեան  կածաններով

Հարիւր տոկոս իրաւացի է, երբ կ'ըսեն, թէ երաժշտութիւնը սփոփանք է, վէրքերու բալասան եւ ցաւերու՝ դարման:

​-Մա՛մ, չեմ կարծեր, որ ոեւէ անձ հօրս չափ երաժշտասէր էր: Անոր համար Հայ երգը պաշտամունքի առարկայ էր: Հայրս կը զանազանուէր իր երաժշտական գիտելիքներով, կիթառ նուագելու տաղանդով, իսկ տարիներու ընթացքին իր ամբարած երգերու եւ երգարաններու հաւաքածոն՝ ոչ ոք ունէր։ Երգարանները իր սիրտին հատորներն էին, զաւակներուն նման կը սիրէր ու կը պահէր։ Ինչ անո՜ւշ ձայն ունէր եւ երգը մեկնաբանելու իւրայատուկ ոճ։ Երգին մէջ իր հոգին կը դնէր, իսկ երգած պահուն՝ իր դէմքէն երանութիւն կ՚արտացոլար: Ա՛խ, ինչքա՜ն կարօտցած եմ զինք եւ մեր տան հաւաքները, սեղաններուն շուրջ տիրող՝ շէն տրամադրութիւնը:

Մենք ընդմիշտ սերտ բարեկամներ էինք, բայց ոչ այնքան սերտ՝ ինչքան այսօր: Անցեալին ալ մեծ էր կարողութիւնդ զիս ոգեւորելու, արբեցնելու, յուզելու…սակայն այսօր սփոփանքի բալասան ես, ամէնօրեայ ներկայութիւն ես, մերթ ժպիտ ես, մերթ արցունք…։ Դուն իմ հոգւոյս լարերուն արձագանգն ես, ներաշխարհիս թարգմանն ես, անփոխարինելի պերճանքն ես: Կը զարթնիմ քեզի հետ, մինչ դուն առաւօտեան ոգեշնչող շարականն ես, ապա սիրոյ ու կարօտի տաղ ես, աշուղի սիրտն ես, շրթունքներուս վրայ մրմնջացող ԵՐԳՆ ես։

​- Մա՜մ, նոյն երգը քանի՞ անգամ կրնաս լսել, բնաւ չե՞ս ձանձրանար:

​-Ո՛չ, Շողակ, սիրած երգս կրնամ տասը- քսան անգամ մտիկ ընել։ Չես կրնար պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ գոհունակութիւն կը զգամ, երբ երգի մը եղանակն ու բառերը յանկարծ յիշողութենէս դուրս կը «ժայթքին» եւ ես այդ երգը կը գտնեմ համացանցի վրայ:

Ինծի համար ամէն մէկ երգ՝ ճամբորդութիւն մըն է, հոգու թռիչք է, դէմքի մը կերպարն է, դէպքի մը յուշ է եւ շարան մը ընկերակցող յոյզեր:

​Շողա՛կ, ըստ երեւոյթին, երաժշտասիրութիւնը ժառանգական բնոյթ է: Հայրս՝ քու մեծ հայրդ, գիտես թէ որքան կը սիրէր երգել եւ շրթնահարմոն ( harmonica) նուագել: Ան իր բոլոր յոյզերը թաղած էր երաժշտութեան մէջ: Երիտասարդ մօրս մահով իր «ողնայարը փշրուած էր», բայց իր հաւատացեալ ըլլալը, եկեղեցւոյ ընտանիքին մօտ մնալը եւ երգի աշխարհին յանձնուիլը, զինք ժամանակ մը «ոտքի պահեցին»: Ես ալ հօրս աղջիկն եմ, կեանքիս ամէնէն դժուարին օրերը փորձեցի տանելի դարձնել՝ ընդունելով երաժշտութեան եւ գրականութեան «պատուհաններէն» ներթափանցող լոյսի շողերը եւ անոնցմով մեղմել սուգի ու «քովիտ»ի սեւ օրերը…:

Հարիւր տոկոս իրաւացի է, երբ կ'ըսեն, թէ երաժշտութիւնը սփոփանք է, վէրքերու բալասան եւ ցաւերու՝ դարման:

​-Մա՛մ, չեմ կարծեր, որ ոեւէ անձ հօրս չափ երաժշտասէր էր: Անոր համար Հայ երգը պաշտամունքի առարկայ էր: Հայրս կը զանազանուէր իր երաժշտական գիտելիքներով, կիթառ նուագելու տաղանդով, իսկ տարիներու ընթացքին իր ամբարած երգերու եւ երգարաններու հաւաքածոն՝ ոչ ոք ունէր։ Երգարանները իր սիրտին հատորներն էին, զաւակներուն նման կը սիրէր ու կը պահէր։ Ինչ անո՜ւշ ձայն ունէր եւ երգը մեկնաբանելու իւրայատուկ ոճ։ Երգին մէջ իր հոգին կը դնէր, իսկ երգած պահուն՝ իր դէմքէն երանութիւն կ՚արտացոլար: Ա՛խ, ինչքա՜ն կարօտցած եմ զինք եւ մեր տան հաւաքները, սեղաններուն շուրջ տիրող՝ շէն տրամադրութիւնը:

​-Շողա՛կ, բարեբախտաբար հայրդ երաժշտութեամբ կը կլանուէր ու կը վերանար։ Իր ամէնէն տառապալից հանգրուանին, երբ քաղցկեղին պատճառած ցաւերը անտանելի դարձած էին, թմրեցուցիչներու առընթեր, ես իր նախասիրած երաժշտական երիզները կը միացնէի: «Լեզու ունենան եւ խօսին» Խաչատուրեան եղբայրներուն հովանաւորած «ԳՈՀԱՐ»ի համերգներուն (Լիբանան, դամասկոս, Հալէպ, Իսթանպուլ, Մոսկուա) տեսերիզները: Առանց վայրկեան մը ուշանալու, մէկը միւսին ետեւէն կը միացնէի եւ կը զգայի իր դէմքին արտայայտութենէն, որ ինք գոհ էր: Շողա՛կ, ես երբ հօրդ սիրած երգերէն մէկը կը լսեմ, իր ձայնը կը հնչէ ականջիս այնպէս՝ ինչպէս ինք կը մեկնաբանէր: Բարեբախտաբար իր ձայնով արձանագրութիւններ պահած եմ, զորս հաճոյքով կը դիտեմ:

​-Մա՛մ, ես չեմ կրնար դիտել, անկարելի է. շատ կը յուզուիմ եւ կը զարմանամ, թէ դուն ինչպէ՛ս կրնաս...:

​-Շողա՛կ, ինծի համար աւելի մեծ բաւականութիւն չի կրնար ըլլալ, քան տեսնել հայրդ ողջ եւ ուրախ: Ես այդ երիզներով կը վերապրիմ այդ վայրկեաններուն շնորհած

հաճոյքը: Շողա՛կ, քանի մը օր է, որ միտքիս մէջ երգ մը կը հնչէ, որուն միայն կրկներգը կը յիշեմ: Ո՛չ երգին խորագիրը գիտեմ՝ ո՛չ ալ կատարողը: Երկու հաւանական երգիչներու անուններ կան միտքիս մէջ՝ մէկը Արտաշէս Աւետեանն է, իսկ միւսը՝ Գէորգի Մինասեանը: Փորձեցի համացանցին վրայ կրկներգին բառերը տեղադրել, բայց ոչինչ գտայ:

«Դժուար է մտածել այսօր, Որ ես գուցէ եւ ուշ գայի, Կ'անցնէի մի այլ փողոցով, Քեզ չէի հանդիպի գտնի»: Հայրդ ա՛յս երգը շատ կը սիրէր, յաճախ կ'երգէր եւ զայն մեր հանդիպման հետ կը կապէր...: Մեզի միացնող դիպուածին ու պայմաններուն՝ խինդով կ'անդրադառնար ու Աստուծոյ փառք կու տար:

-Մա՛մ, ես հօրս պէս ռոմանթիք մարդ չեմ տեսած: Ուրիշ որակի մարդ էր, ըլլայ իբրեւ ամուսին, հայր, բժիշկ, ազգական կամ բարեկամ:

​-Շողա՛կ, այս երգին համար մօրաքրոջդ պիտի դիմեմ, ան բացառիկ յիշողութիւն ունի եւ կը կարծեմ, որ միայն ինք կրնայ միջոցը գտնել եւ այս երգը ինծի հասանելի դարձնել:

 Քանի մը օր ետք, քոյրս յղում մը ղրկեց, ուր կը սփռուէր Արտաշէս Աւետեանին երաժշտական արուեստին նուիրուած յայտագիր մը: Յայտագիրին երեսունութերորդ վայրկեանին, Արտաշէս Աւետեան կը կատարէր «Պատահական հանդիպում» երգը:

Ինծի համար աւելի մեծ գանձ չէր կրնար ըլլալ՝ ոչ ալ աւելի մեծ հրճուանք: Այս երգով կը վերադառնայի մինչեւ 1978-ի ամառը, դէպի՝ Լիբանանի ծովեզերեայ ճանապարհները, արեւաշող հորիզոնին կապոյտը, իսկ կողքիս իմ ամէնէն սիրելի էակս՝ հոգւոյս ընկերը:

Երկու սիրուն կիներ՝ Ժուլիէթ եւ Աննա, գոնէ շաբաթը անգամ մը դէմս կ'ելլեն: Իրենք ալ կը քալեն, բայց ոչ ինծի նման ամէնօրեայ դրութեամբ: Կը բարեւենք իրարու եւ մեր քայլերը կը շարունակենք Թահանկայի փողոցներով։

​-Սիրուններ, անունս Սիլվա է, հրամմեցէ՛ք օր մը մեր տունը։

​Կը ծանօթանանք իրարու...ես՝ Լիբանանահայ, Ժուլիէթը՝ Պարսկահայ, Աննան՝ Հայրենահայ, երեքս ալ ՀԱ՛Յ եւ երաժշտութիւն շատ կը սիրենք:

​-Ապրե՛ս, Սիլվա ջան, տեսնում ենք, որ դու ամէն օր քայլում ես, երբեք չես թուլանում:

​-Ժուլիէ՛թ ջան, քալելը իմ նախասիրած մարզանքս է. կրնամ ըսել պահանջք է:

​-Սիլվա՛ ջան, ընդանհրապէս ի՞նչ երգեր ես լսում: Տեսնում եմ ականջալարերդ (ear pods) միշտ միացրած ես։

​-Աննա՛ ջան, հիմա Ռոպերթ Ամիրխանեան կը լսեմ, քիչ առաջ “phantom of the opera” կը լսէի։ Կը սիրեմ որակաւոր երաժշտութիւնը, այլազան լեզուներով, իսկ մեր հայկականը իր բոլոր ժանրերով՝ դասական, էստրադային, աշուղական, եւ այլն:

​-Սիրում ե՞ս Հայ նոր երգիչներին:

​-Ժուլիէթ ջան, կան քանի մը սիրելիներ, որոնց կատարումները հաճոյքով կը լսեմ օրինակ՝ Կէպի Կալոյեան, Մավր Մկրտչեան, Վարդան Պատալեան, բայց կան, որոնց

կատարած երգերը «պաղ ջուրի համ» ունին: Օրինակ՝ ձմերուկը եթէ պաղ ջուրի համ ունենայ հաճելի չ'ըլլար: Ըստ իս, երգը պէտք է ստանայ իր իրաւունքը: Խօսքը, երաժշտութիւնը եւ մեկնաբանութիւնը, պէտք է այնպէս ամբողջացնեն զիրար, որ հմայեն ունկնդիրը, լիացնեն անոր հոգին եւ գոհացնեն արուեստասէրին ճաշակը:

​-Սիլվա՛ ջան, դուն ամուսինիս սիրում ե՞ս: Ապշած կը նայիմ Ժուլիէթին. այս ի՞նչ հարցում է, ո՞վ է իր ամուսինը, ինչո՞ւ պիտի սիրեմ իր ամուսինը։ Ուղեղս չ'ընկալեր հարցումը:

-Ամուսինիս, ամուսինիս, սիրում ե՞ս: Երեւի չես իմանում, թէ ամուսինս Արտաշէս Աւետեանն է:

​-Ի՞նչ, Արտաշէս Աւետեանը՞, իմ գիտցած երգիչ Արտաշէս Աւետեանը՞: Պահ մը մոռնալով ինքզինքս, փողոցին մէջտեղը բարձրաձայն կ'երգեմ. «Դժուար է մտածել

այսօր, որ ես գուցէ եւ ուշ գայի կ'անցնէի մի այլ փողոցով, քեզ չէի հանդիպի գտնի»:

​-Այո՛, Սիլվա ջան, ճիշդ իմացար:

​-Գիտե՞ս Ժուլիէ՛թ ջան, ես ամիսնե՜ր այս երգը կը փնտռէի համացանցի վրայ ու չէի գտներ, վերջապէս Աւստրալաբնակ քրոջս դիմեցի եւ ինք իրականացուց իմ ցանկութիւնս: Դուն մի՜ ըսեր, որ ինձմէ միայն յիսուն քայլ անդին կ'ապրի Արտաշէս Աւետեանը, իսկ ես՝ օրական երեք անգամ իր տան առջեւէն կ'անցնիմ...:

​-Սիլվա՛ ջան, մնա՛ էստեղ, հիմա ներսից քեզ համար Արտաշէսի ամբողջական երգերի խտասալիկներն եմ բերելու:

​Աչքերուս չեմ հաւատար, ձեռքիս մէջ ունիմ շատ բարձրորակ փաթեթաւորումով Արտաշէս Աւետեանին բոլոր երգերը:

​-Մա՛մ, ի՞նչ կայ, աչքերդ կը փայլին, իսկ ժպիտդ գրեթէ ականջներուդ կը հասնի:

​-Շողա՛կ, եթէ պատմեմ պատահածը, հաւատա՛ պիտի զարմանաս եւ ըսես. «Իսկակա՛ն պատահական հանդիպում»:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...