Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յաջորդ ամիս պիտի այցելէ Ատրպէյճան։
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում ընելով A Haber հեռուստաալիքին, Թուրքիոյ նախագահի մայիս ամսուան աշխատանքային ծրագրին մէջ ներառուած է Ատրպէյճան կատարուող այցը։
Բացի այդ, ապրիլ 29-ին Էրտողան պիտի մեկնի Իտալիա՝ մասնակցելու 4-րդ միջկառավարական գագաթնաժողովին։
Յունիսին կը սպասուի Թուրքիոյ նախագահի այցը ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն։