image

Նախագահ Աունի հրամանով, Լիբանանահայ Միշէլ Տը Շատարեւեանին դիւանագիտական խորհրդականի պաշտօն

Նախագահ Աունի հրամանով,  Լիբանանահայ Միշէլ Տը Շատարեւեանին դիւանագիտական խորհրդականի պաշտօն

 

  Սագօ Արեան  լրագրողի էջ-էն  կը կարդանք՝

Լիբանանահայ Միշէլ Տը Շատարեւեանին կարեւոր  պաշտօն

 Հպարտառիթ  լուր է անշուշտ   Պէյրութէն ստացուած տեղեկութիւնը։ Լիբանանի  Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ  Աուն  կարեւոր  պաշտօնի մը կոչած է հայազգի  քաղաքական գործիչ՝ Միշէլ Տը Շատարեւեանը։  Կոչումը՝ «Դիւանագիտական հարցերով խորհրդական»։ Մանրամասնօրէն տեղեակ չեմ, թէ Լիբանանի նախագահութիւնը  եւ նախագահը ինչ աստիճանի կամ  կարգավիճակներու խորհրդականններ ունին, բայց  դիւանագիտական ասպարէզին մէջ նման  բարձր  նշանակում մը,  ոչ միայն պատուաբեր է այլ  նաեւ  իր հետ կը բերէ  հայութեան հանդէպ դրական շունչի մը արգասիքը։ Երկու  բառով հարկ է նշեմ, որ Տիար  Շատարեւեանը, հայ կաթողիկէ համայնքի անդամ է, երկար տարիներ   գործակցած  է երկրի նախկին նախագահին հետ (այդ մասին կը յիշեմ նոյնիսկ  80-ականներու վերջերուն)  եւ ան  նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան ժամանակ  ալ կարեոր  աշխատանքներու մէջ էր։  Պրն. Շատարեւեան, իր ունենցած  բարի    վարքին  եւ համայնքային գործունէութեան համար ստացած է Տէ  մակդիրը (յար եւ նման՝ Պարոն, Դուքս, կամ այլ նմանատիպ մակդիրներու)։ Ան նաեւ բաւական  աշխոյժ  գործունէութիւն ծաւալած է (մինչեւ վերջերս)  հանդիսանալով անդամ  Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան (անդամ կամ համակիր  վստահ չեմ), իսկ անոր  հասարակական գործունէութեան հիմքը Լիբանանեան բանակի առանցքն է, ուր եւ  ծանօթութիւն  հաստատած է (հաւանաբար) Լիբանանի  գործող նախագահին հետ։