image

Ընկերասիրութեան եւ ճշմարտութեան մասին . Վիգէն Յովսէփեան

 Ընկերասիրութեան եւ ճշմարտութեան  մասին . Վիգէն Յովսէփեան

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

Եւ ուրեմն, անսահման կը գնահատեմ եւ կը սիրեմ մարդու այն տեսակը, որ սկզբունքի, ճշմարտութեան, ընկերասիրութեան համար անշեղօրէն կը մերժէ քծնիլ, թքած ունի (կը ներէք) անմիջականին եւ մակերեսայինին վրայ, եւ ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆը եւ ազնւութիւնը ունի պաշտպանելու իր մէկ սկզբունքային կեցուածքը, իր սիրելին կամ իր ընկերը, նոյնիսկ եթէ նման խիզախութիւնը իրեն պիտի պատճառէ ժամանակաւոր ու մակերեսային վնասներ։

 

Համոզուած եմ թէ մեր ազգային իրականութեան մէջ եւս նոյնն է, ուր մարդոց միջեւ տարբերութիւնները շատ յաճախ - կամ գրեթէ միշտ - քաղաքական կամ կուսակցական չեն, այլ ազնւութեան եւ աղբային տեսակի, խիզախի եւ քծնողի, ճշմարտութիւնները չի սակարկողի եւ ամէն սրբութիւն ոտնակոխողի միջեւ։

 

 

 

Երկար գրառում մը եւս՝ անքուն գիշերուան հետեւանքով։

Իւրաքանչիւրս որպէս ՄԱՐԴ արարած, մանաւանդ երբ շրջանակէ մը ներս կ՚ապրինք ու կ՚արարենք, մեր տեսածին եւ առնչուածին վրայ հիմնուելով կը հասնինք համոզումներու, կը կազմենք ճաշակներ, եւ այդ բոլորի վրայ կը հիմնենք ընկերութիւններ ու յարաբերութիւններ։ Եւ այսպէս, կեանքի մէջ մարդ որքան խոր եւ բարդ փորձառութիւններ ապրի - անոնք ըլլան ընտանեկան, սիրային, մասնագիտական, կրթական թէ քաղաքական ու կազմակերպական - այդքանով կրնայ բարդանալ իր փորձառութիւնները։ Ինչպէս ժողովրդային արածը պիտի ըսէր, մարդը «կ՚ապրի ու կը տեսնէ»:

Ես իմ կարգիս, իմ փորձառութիւններուս վրայ հիմնուելով, «ապրած» ու «տեսած» ըլլալով կեանքի որոշ երեսներ որոնք հաւանաբար շատ ընթացիկ չեն, եւ երբեմն ալ գուցէ իւրայատուկ են անձիս, եկած եմ կէտի մը ուր հասկցած եմ թէ կեանքի նոյնիսկ բարդագոյն վիճակներն ու կացութիւնները, շատ յաճախ կ՚ունենան բաւական պարզ բացատրութիւններ, ու զանոնք կարելի է արժեւորել/ գնահատականի ենթարկել բաւականին պարզ արժեհամակարգով մը։

Այսինքն, եւ օրինակի համար, մարդ կրնայ հասնիլ մէկ հիմնական եզրակացութեան թէ ստախօս էակը - այն տեսակը որ հեշտութեամբ կը ստէ, շատ կը ստէ - մարդու ամենէ անտանելի տեսակն է որուն հետ անկարելի է ճամբայ կտրել, առնչուիլ, սիրել, եւայլն։ Կամ, կարելի է օրինակ եզրակացնել, թէ մարդկային լաւագոյն յատկանիշներէն մէկը հաւատարմութիւնն է, մարդկային այն յատկանիշը ընկերութիւնը անսակարկելի կը համարէ, եւ որ հենքն է միւս բոլոր յատկանիշներուն՝ եւ այսպէս շարունակ։

Իմ պարագայիս, ես եկած եմ այն պարզ եզրակացութեան թէ կարեւորագոյն յատկանիշը որուն վրայ պէտք է կառուցեմ իմ յարաբերութիւններս եւ ընկերութիւններս՝ մարդու տեսակի մօտ խիզախութիւնն է հանդէպ արժէքներ։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ կը գնահատեմ այն տեսակը որ իր սկզբունքները, համոզումները, եւ կեցուածքները (ԻՆՉ ԱԼ ԸԼԼԱՆ ԱՆՈՆՔ) կը պաշտպանէ խիզախութեամբ՝ թէկուզ եթէ պիտի գտնուի անպատեհ վիճակներու մէջ։ Եւ այսպէս, այդպիսի խիզախութեան տէր մարդիկ կը մերժեն ահաբեկուիլ աւելի հզօրին կողմէ, կը մերժեն իրենց պաշտօնները կամ կեանքի որոշ արաւելութիւնները պաշտպանելու համար գծնիլ, կը մերժեն ընկերական կամ այլ յարաբերութիւններ սակարկել մակերեսային շահերու համար, եւ այլն։ Անոնք կը կարեւորեն իրենց խիղճի թելադրանքները, սուտ-մուտ տրամաբանութիւններով եւ պատրուակներով չեն անտեսեր իրենց խղճին ձայնը։ Կը տառապին, գուցէ զոհողութիւններ կը կռեն, բայց միշտ ականջալուր կը մնան իրենց խիղճի ձայնին։

Օր չ՚անցնիր որ չի գնահատեմ ընկերոջ մը, կամ նոյնիսկ ինծի ծանօթ թէ անծանօթ հանրային դերակատարի մը խիզախ կեցուածքը որուն պատճառով ան կը վտանգէ իր որոշ շահերը յանուն սկզբունքի մը։ Կրնան այդ մարդիկ նոյնիսկ պաշտպանել կեցուածքներ որոնք ես անձամբ չեմ բաժներ, կամ նոյնիսկ զանոնք կը մերժեմ։ Բայց չեմ կրնար չի գնահատել մարդու անանձնական նուիրումը, երբ կը վկայեմ թէ աժան շահերէ վեր բան է մարդուն պաշտպանածը, թէ հոսանքին դէմ է իր թիավարումը։

Նոյնքան յաճախ, ականատես կը դառնամ երեւոյթներու ուր մարդիկ կը սակարկեն իրենց ընկերութիւններն ու բարեկամութիւնները, յանուն գցուց հաշիւներու, աննշան շահերու, պաշտօններու կամ տոլարներու։ Իբր թէ աներեւոյթ կարգապահութեան մը սիրոյն կը զոհեն աւելի մեծ արժէքներ։ Եւ ինչքան զզուելի կը դառնայ տեսնել եւ առնչուիլ երեւոյթներու հետ, երբ մարդիկ իրենց երկարամեայ յարաբերութիւնները կ՚ոտնակոխեն սին եւ ապուշ առաւելութիւններու համար։ Համոզուած եմ թէ կեանքը նմաններուն «դաս»ը կուտայ, եւ զանոնք կը հասցնէ կէտի մը ուր իրենք կը դժբախտանան իրենց իսկ կատարած ընտրութիւններուն համար ու անոնց պատճառով։ Կեանքը շատ ու շատ նման օրինակներ ցոյց տուած է ուր մարդիկ կը հարստանան կամ պաշտօններու կը տիրանան, բայց մինչեւ վերջ ալ դժբախտ կը մնան, եւ իրենց առաւելութիւնները վայելելու ընթացքին եւս լեղի անձնաւորութիւններու կը վերածուին։

Եւ ուրեմն, անսահման կը գնահատեմ եւ կը սիրեմ մարդու այն տեսակը, որ սկզբունքի, ճշմարտութեան, ընկերասիրութեան համար անշեղօրէն կը մերժէ քծնիլ, թքած ունի (կը ներէք) անմիջականին եւ մակերեսայինին վրայ, եւ ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆը եւ ազնւութիւնը ունի պաշտպանելու իր մէկ սկզբունքային կեցուածքը, իր սիրելին կամ իր ընկերը, նոյնիսկ եթէ նման խիզախութիւնը իրեն պիտի պատճառէ ժամանակաւոր ու մակերեսային վնասներ։

Համոզուած եմ թէ մեր ազգային իրականութեան մէջ եւս նոյնն է, ուր մարդոց միջեւ տարբերութիւնները շատ յաճախ - կամ գրեթէ միշտ - քաղաքական կամ կուսակցական չեն, այլ ազնւութեան եւ աղբային տեսակի, խիզախի եւ քծնողի, ճշմարտութիւնները չի սակարկողի եւ ամէն սրբութիւն ոտնակոխողի միջեւ։

ինծի համար ամենէ հզօր ՄԱՐԴն ու ընկերը կը մնայ ան որ իր խղճին հետ հաշտ կը մնայ, եւ խիզախութեամբ կը պաշտպանէ իր խղճին թելադրանքները՝ ինչ քաղաքական հայեացքներու հետեւորդ ալ ըլլայ ան, կամ ինչ պարապ-սարապ կառոյցներու եւ կանոններու հետեւորդ ալ ըլլայ ան։