Յատկապէս, երբ պատանեկութեանս տարիներէն սկսեալ, միշտ ալ գնահատած եմ մարդիկ որոնք խիզախութիւնը ունեցած են ճիշտին ճիշտ՝ եւ սխալին սխալ ըսելու, որովհետեւ ատոր մէջ է որ տեսած եմ հաւաքականին - կամ նոյնիսկ անձնականին - համար լաւագոյն ծառայութեան մը նախադրեալները։
Ես ինծի կը խորհէի, թէ ճշմարտութիւններուն վրայ կարելի է ժամանակաւորապէս փակել, կարելի է նոյնիսկ ուժով տպաւորութիւններ տարածել, ինչ որ բաներ արգիլել, լայք-եր վերցնել տալ, բայց ի վերջոյ 21-րդ դարուս, արդէն իսկ շատ դժուար է բոլոր ճշմարտութիւններուն առաջքը առնել առյաւետ։
Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Ամիս մը առաջ, նստած ընկեր-գաղափարակից-ծանօթի (այս ժամանակագրական կարգով) մը դիմաց, կը լսէի իր խրատանման-քննադատութիւնները, ուր կ՚ըսէր թէ ես եթէ այդքան ըմբոստ կամ հոսանքի դէմ դնող չ՚ըլլայի՝ ազգային-հաւաքական կեանքի մէջ ինչպիսի ՜ տեղեր պիտի հասնէի։ Տես այսինչին ուրտեղները հասցուցին (իրենք) կ՚ըսէր, տես այնինչը...եւ այսպէս, դէմս նստած մարդը որ կը փորձէր համոզել թէ կարեւոր էր որ կաղապարուիմ , յարմարիմ (եւ անշուշտ ինքը յարմարուելուն մէջ առաքինութիւն կը տեսնէր) որպէսզի խեղճուկներու նմանիմ, այդպէս ալ չէր հասկնար թէ ինծի ինչքանով կ՚երջանկացնէր, երբ զիս կը քննադատէր ճշմարտութիւններու զոհ երթալու, կամ իրականութիւնները ցանկութիւններէ կամ նկրտումներէ բարձր դասած ըլլալուս համար։ Գէթ երբ որ լիարժէք հասկցած եմ պաշտպանածիս արժէքը, կամ երբ հասկցած եմ թէ կայ ժամանակ երբ ծածկելը ոճիր է։
Յատկապէս, երբ պատանեկութեանս տարիներէն սկսեալ, միշտ ալ գնահատած եմ մարդիկ որոնք խիզախութիւնը ունեցած են ճիշտին ճիշտ՝ եւ սխալին սխալ ըսելու, որովհետեւ ատոր մէջ է որ տեսած եմ հաւաքականին - կամ նոյնիսկ անձնականին - համար լաւագոյն ծառայութեան մը նախադրեալները։
Ես ինծի կը խորհէի, թէ ճշմարտութիւններուն վրայ կարելի է ժամանակաւորապէս փակել, կարելի է նոյնիսկ ուժով տպաւորութիւններ տարածել, ինչ որ բաներ արգիլել, լայք-եր վերցնել տալ, բայց ի վերջոյ 21-րդ դարուս, արդէն իսկ շատ դժուար է բոլոր ճշմարտութիւններուն առաջքը առնել առյաւետ։
Եւ այսպէս, վերջին օրերուն, Սուրիոյ մէջ պատահածներու գծով կը կարդամ որոշներու վերլուծականները, եւ կը տխրիմ։ Կար ժամանակ որ այսպիսի բաներ կարդալով կը ջղայնանայի, կ՚ուզէի պատասխանել, երբեմն ալ ուղղակի կամ աննուղակի կ՚արձագանքէի։ Հիմա՝ պարզապէս կը տխրիմ, հասկնալով թէ մարդկային միտքը - նոյնիսկ ուսանած, իբր թէ «զարգացած» կամ փորձառու - որքանով կրնայ ինքն իրեն սահմանափակել, առաջնորդել տեղեր ուր ցանկութիւնները որպէս իրականութիւններ կ’ընկալէ։ Տխուր է, շատ տխուր։
Ակամայ կը յիշեմ Պրն. Մուշեղին կոթողական բանաստեղծութեան գլուխ-գործոց տողերը։ Եւ եթէ քաղաքական տհասութեան կամ կարճատեսութեան դրական դարձուածք մը պիտի տայինք, պիտի մէջբերէինք՝
« Փուշ ու տատասկ քեզ կ՛արիւնեն ճամբուդ վրայ,
Բայց խոցոտուած քու մատներովդ արիւնլուայ,
Դուն կ՛որոնես ծաղիկներու հոգին պայծառ,
Ցաւէդ կ՛ոռնաս եւ ցաւերուդ չես հաւատար…
Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Քու ձեռքերովդ հողին կու տաս կեանքեր ծաղկած,
Կը զգաս դէմքիդ մահուան քամին եւ հողմավար,
Կ՛իյնաս անշունչ, սակայն մահուան չես հաւատար…»
Տխուր է, շատ տխուր։
Շիրիմիդ լոյս՝ Մուշեղ Իշխան։