Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է է՝ իբր «Հայաստանի տարածքին մէջ Ատրպէյճանի իսլամական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացուած է»։
Թէ ինչ ատրպէյճանական ժառանգութեան մասին է խօսքը, յայտնի չէ:
Ալիեւ այս մասին խօսած է Պաքուի մէջ ընթացող «Բազմազանութեան պաշտպանութիւն. պայքար իսլամաֆոպիայի դէմ 2024 թուականին» համաժողովի ընթացքին։
«Ատրպէյճանը դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, որ առաքելութիւն ուղարկուի Հայաստան՝ գնահատելու մեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու վիճակը, որոնք «տարիներ շարունակ ոչնչացուած են այդ երկրին մէջ»։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն դեռ չէ արձագանգած այս կոչին»,- նշած է Ալիեւ։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն թոյլ չի տար մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող եկեղեցիներու եւ պատմամշակութային վայրերու մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելու նպատակով։
Ատրպէյճանի հսկողութեան անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական յուշարձաններու աւերման, կեղեքման, թալանի եւ վանտալիզմի տասնեակ դէպքերու մասին ապացոյցներ կան: