Իր գործը կատարելապէս կատարած Պերճ Ֆազլեան կը հեռանայ իր սիրած արուեստէն՝ Թատրոնէն: Վարձքդ կատար յարգելի վարպետ Պերճ: Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու մէջ անմոռաց պիտի մնայ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի անունը, Ռահպանի եղբայրները իրենց թատերական գործերը միայն կը վստահէին «ուսթազ Պերճին»: Ռահպանի եղբայրներու թատերական արուեստին մէջ իր կշիռը ունէր Պերճը: Վարպետը մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ լիբանանահայ թատրոնի յառաջդիմութեան մէջ, տարիներ կանգուն պահելով «Վահրամ Փափազեան»ի թատերախումբը եւ կատարելագործելով դերասաններու խաղարկութիւնը, զայն հասցնելով փրոֆեսիոնալ մակարդակին:
Պերճ Ֆազլեան երբ Պոլիսէն Լիբանան փոխադրուեցաւ, իր առաջին թատերական գործերը ներկայացուց «Հաճըն» թաղամասի Սահակեան դպրոցի սրահին մէջ:
Իր հետ բախտ ունեցայ ծանօթանալու 1974 թուականին, երբ Ն.Ս.Մ. Միութեան «Արտավազդ» թատերախումբը կը ներկայացնէր «Պէպօ» թատերախաղը:
«Ուսթազ Պերճ» երբ ինձ առաջարկած էր Ռահպանիներու խումբին մաս կազմել, եւ մեծ հռչակ ունեցող երգչուհի Ֆէյրուզի երաժշտական թատերախումբին հետ դերով հանդէս գալ, անակնկալ ու շշմած կը նայէի «ուսթազ»-ին, որ մեծ յարգանք պարտադրած էր արաբական թատերական բոլոր հաստատութիւներէն ներս: Ան իմ զարմանքս տեսնելով, իրեն բնորոշ համեստութեամբ եւ պարզ լեզուով ըսաւ. «հաաաաաա, այո վաղը կու գաս եւ քեզ կը ծանօթացնեմ Ռահպանի եղբայրներուն»... եւ այսպէս «Ուսթազ Պերճ»ը ծանօթացուց ինձ արաբական աշխարհի մէջ մեծ յարգանք վայելող Ռահպանի երեք արուեստագէտ եղբայրներուն:
Յարգելի եւ սիրելի բարեկամ, բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան, բիւր յարգանք քու գործերուդ: Խունկ եւ մոմ քու յիշատակիդ: