image

Նաթանիահու «կ՚արդարացնէ» Քաթարի մէջ Իսրայէլի հարուածը՝ «Համաս»-ին

Նաթանիահու «կ՚արդարացնէ»  Քաթարի մէջ Իսրայէլի հարուածը՝ «Համաս»-ին

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն արդարացուած կը համարէ Քաթարի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հարուածը պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման ներկայացուցիչներուն։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ The Times of Israel պարբերականը։

Անոր խօսքով՝ Քաթարը, որպէս միջնորդ հանդէս գալով Միջին Արեւելքի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ, «կապուած է «Համաս»-ի հետ», կը զօրացնէ, կը հիւրընկալէ եւ կը ֆինանսաւորէ «Համաս»ը։ Այդ պատճառով ալ Քաթարի մէջ «Համաս»-ի ղեկավարներուն հասցուած հարուածը «լիովին արդարացուած է», նշած է Իսրայէլի վարչապետը։

«Եթէ Քաթարը ուզէր, կրնար շատ աւելի մեծ ճնշում գործադրել «Համաս»-ի վրայ, եւ այդ մեզի կ՚օգնէր մեր բոլոր պատանդները ազատելու՝ պատերազմին առաջին ամիսներուն», — ըսած է Նաթանիահուն The Times of Israel-ին։

Ան նաեւ մերժած է նոր տեղեկութիւններ տրամադրել այն մասին, թէ արդեօք Տոհայի հարուածին ընթացքին սպաննուած են «Համաս»-ի ղեկավարներ։ «Մենք տակաւին կը ստուգենք այդ։ Վերջնական չէ։ Արդիւնքներուն կը սպասենք», — աւելցուցած է Նաթանիահուն։