image

«Ղարաբաղը մերն է, թէ ձերը» Միջադէպ Պաթումի մէջ

«Ղարաբաղը մերն է, թէ ձերը» Միջադէպ Պաթումի մէջ

Պաթումիի մէջ 3 Յուլիսին Ախալքալաքի Կոման գիւղի բնակիչներէն մէկը դանակահարած են միջադէպի ընթացքին: Այս մասին յայտնած է Аliq.ge-ն։

Անչափահաս, տասներորդ դասարանցի Մարտունիկ Ուստեանը վնասուածք ստացած է որովայնի հատուածին,  ծանր առողջական վիճակով տեղափոխուած է հիւանդանոց ու վիրահատուած: Այս պահուն անոր վիճակը կայուն է: Այս մասին տեղեկութիւն յայտնած են Ախալքալաքի բնակիչները:

Ըստ անոնց՝ Պաթումիի մէջ ազգութեամբ հայերուն մօտեցած են վանկարկելով՝ «Ղարաբաղը մե՞րն է, թէ՝ ձերը», հաւանաբար՝ ազգութեամբ ատրպէյճանցիներ: Կոմանի բնակիչներու խօսքով՝ տեղի ունեցածի ընթացքին միջամտած է նաեւ ոստիկան, որ եւս վնասուածքներ ստացած է ու տեղափոխուած հիւանդանոց: Կոմանցի անչափահասին դանակահարելու համար բերման ենթարկուած է մէկ անձ: