Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ տեղի ունեցած միջադէպի մասնակից Դաւիթ Մինասեանը «Աբովեան» քրէակատարողական հիմնարկէն տեղափոխուած է բժշկական կեդրոն։
Այս մասին տեղեկութիւն տարածած է անոր փաստաբան Լուսինէ Մարտիրոսեանը։
«Դաւիթ Մինասեանը տեղափոխւում է Աբովեան ԲԿ»,-դիմատետրի իր էջին գրած է փաստաբանը։
Նշենք, որ ՀՀ ԱՆ Քրէակատարողական ծառայութենէն պարզաբանած են, որ կալանաւորուած 18-ամեայ Դաւիթ Մինասեանը տեղափոխուած է «Աբովեան» ՔԿՀ, որպէսզի չընդհատուի անոր կրթութիւնը։
Դաւիթ Մինասեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ յարուցուած է խուլիկանութեան եւ պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելու յօդուածներով։ Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է երկամսեայ կալանքը։
Նոյն գործով ձերբակալուած էին նաեւ Դաւիթ Մինասեանի եղբայրը՝ Միքայէլ Մինասեանը եւ հասարակական գործիչ Գէորգ Գէորգեանը։ Վերջիններուս նկատմամբ կիրառուած է չբացակայելու արգելք եւ գրաւ։