Մէկ օրուան մէջ հանրակառքերով Երեւանէն Ստեփանակերտ վերադարձած է 189 հայորդի։
«Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 49 հազար 827 փախստական։ Ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու կողմէ կ'ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր, կը ցուցաբերուի մարդասիրական օգնութիւն, կը վերականգնուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կը շարունակէ դիտորդական կէտերէն շուրջօրեայ ռեժիմով հետեւիլ հրադադարի պահպանման։