image

Ղարաբաղ վերադարձած է 49 827 հայրենակից

Ղարաբաղ վերադարձած է 49 827 հայրենակից

 

Ռուսաստանեան խաղաղապահ առաքելութեան անդամները կը շարունակեն ապահովել Հայաստանէն արցախցիներու անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին կը յայտնեն ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն։


Մէկ օրուան մէջ հանրակառքերով Երեւանէն Ստեփանակերտ վերադարձած է 189 հայորդի։ 

«Ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 49 հազար 827 փախստական։ Ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու կողմէ կ'ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր, կը ցուցաբերուի մարդասիրական օգնութիւն, կը վերականգնուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը կը շարունակէ դիտորդական կէտերէն շուրջօրեայ ռեժիմով հետեւիլ հրադադարի պահպանման։