Դպրոցաշէն բարերարին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը հետքերով
Յուլիս 3-ին, Լիբանանի Այնճար հայկական աւանին մէջ մահացաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական դպրոցներու բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանը, 91 տարեկանին։ Ան բարերարն է Ֆրանսայի Ալֆորվիլ եւ Վալանս քաղաքներու հայկական վարժարաններուն։
Իր ներդրումով վերանորոգուած է Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանը, իսկ վերանորոգուած մանկապարտէզի ծաղկոցը կը կրէ իր անունը։
Գէորգ Արապեանի հայրը՝ Հայկ Արապեան, ծնած էր Կեսարիա։ Հայերու դէմ հալածանքներու պատճառով 1896-ին Արապեան գերդաստանը կը ստիպուի լքելու Կեսարիան եւ կը հաստատուի Աքշէհիր ուր եւ Հայկ Արապեան կ՚ամուսնանայ Մարիամի հետ ու կը կազմէ ընտանիք։ 1914-ին կը ծնի Բիւզանդը, որ ծանօթ է Ֆրանսահայութեան։ 1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան օրհասական օրերուն, ընտանիքը կը տարագրուի Տէր Զօր։ Այստեղ կը ծնի Գէորգ Արապեանի երկրորդ եղբայրը՝ Կարապետը։ Կարճ ատեն մը հանգիստ կեանք ունենալէ ետք, Հալէպի մէջ ալ հալածանքներու ենթարկուելով, կը ստիպուին Աքշէհիր վերադառնալ, պահ մը յուսալով, որ հոն կրնան շարունակել իրենց նախկին կեանքը։ Բայց մեծ կ՚ըլլայ իրենց յուսախաբութիւնը որովհետեւ կը տեսնեն թէ ամէն բան փոխուած է եւ անկարելի՝ կորսուածը վերագտնելը։ Այնտեղ երկու տարի մնալէ ետք, Արապեան գերդաստանի անդամները միանգամ ընդմիշտ կը բաժնուին, իւրաքանչիւրը իր ճամբան ընտրելով դէպի Յունաստան, Արժանթին, Պոլիս, Լիբանան, Ֆրանսա։
Գէորգ Արապեանի հայրը 1923-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ. բնակութեան համար կ՚ընտրեն թաղամաս մը, ուր կը տեսնեն թէ՝ հայկական եկեղեցի եւ դպրոց կայ։ Հո՛ս է որ 1932-ին կը ծնի Գէորգ Արապեան։ Հետագային, Հայկի զաւակները Պէյրութի մէջ կը հիմնեն թուղթէ տոպրակի արտադրամաս եւ կը դառնան յաջող ու երեւելի առեւտրականներ։
* * *
Երկու տարի առաջ, երբ Լիբանանէն պիտի մեկնէի Փարիզ, «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանէն ներս վարչական եւ կրթական պաշտօն ստանձնելու համար, չէի ճանչնար պարոն Արապեանը։
Գիտնալով, որ վարժարանին բարերարը կ՚ապրէր Լիբանանի Այնճար հայկական աւանը, փափաքեցայ անոր հետ ունենալ հարցազրոյց մը՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայկական դպրոցաշինութեան գործին այնքան մեծ նպաստ բերած անձնաւորութեան։ Այսօր, անոր մահէն ետք, յարմար կը նկատեմ ձեզի հետ կիսել այդ մտերմիկ խօսակցութենէն բաժիններ՝ իբրեւ քաղուածք մը իր մտքերուն եւ յուշերուն։
Ն.Թ.
– Ինչպէ՞ս դուք ձեզ կը ներկայացնէիք. ո՞վ է Գէորգ Արապեանը, ձեր կեանքին հանգրուանները, ընտանիքը, ասպարէզը…։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք օժանդակել ֆրանսահայ դպրոցի մը։
Ես մեծցած եմ հայկական միջավայրի մէջ, հայրս Պէյրութի կեդրոնը, Parlement-ին դիմաց, խանութ մը ունէր. մայրս հայրենասէր կին էր, մեզ հայ մեծցուց, հայ դաստիարակեց, ունէր երկու եղբայրներ, որոնք բարձր ուսումի հետեւեցան։ Իմ առաջին դպրոցս՝ մանկապարտէզը եւ նախակրթարանը, Սուրբ Նշան վարժարանն էր, յետոյ, 6-րդ դասարանէն ետք, ուսումս շարունակեցի Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ (High School)։ Հոն մնացի չորս-հինգ տարի, բայց երբ հայրս հիւանդացաւ, ստիպուած եղայ ստանձնել իր գործը՝ նկատի ունենալով, որ եղբայրներս կը շարունակէին իրենց բարձրագոյն ուսումը։ Հօրս խանութին մէջ մնացի քանի մը տարի. երբ եղբայրներս իրենց ուսումը աւարտելով նոր գործի մը սկսան. ես ալ միացայ իրենց։ Կը զբաղէինք թուղթէ emballage-ներու վաճառականութեամբ։
Մեր գործերը յաջող ընթացան եւ յառաջ գացին. այս մէկը մեզի կարողութիւն տուաւ արտաքին աշխարհին հետ աշխատելու եւ ներդրումներ ընելու։ Եղբայրներուս մահէն ետք առանձին շարունակեցի գործը։ Գործի յաջողութիւնը պատճառ եղաւ, որ մեծ գումար անցնի ձեռքս, եւ երբ Ֆրանսա ապրող բարեկամներս ինծի հետ կապ հաստատեցին, առաջարկելով օգտակար դառնալ հայ դպրոցին՝ չվարանեցայ։
Ես Ֆրանսա ապրած էի արդէն մօտ քսան տարի. բարեկամներ հեռաձայնեցին եւ ըսին, թէ դպրոց շինելու աշխատանքի մը ձեռնարկած են։ Առանց տատամսելու եւ առանց որեւէ հարցում հարցնելու՝ «այո՛» ըսի։
– Դպրոցը հայկական ինքնութիւնը պահպանող հիմնական միջավայրերէն մէկն է։ Ձեր վեհանձն նուիրատուութեամբ փաստած էք արդէն այս տեսակէտին նկատմամբ ձեր համոզումը։ Ի՞նչ ունիք աւելցնելիք։
Իմ հայկական ինքնութիւնը, ընտանիքէս ետք, կերտուած է հայ դպրոցին մէջ. ես ունեցած եմ հայագէտ ուսուցիչներ, որոնք մեզի պարտադրած են հայերէնը սիրել, հայ մշակոյթին եւ պատմութեան տէր ըլլալ։ Ինչպէս ըսի, ես ապրած եմ Ֆրանսայի մէջ, հոն կան քաղաքներ, ուր 10.000-է աւելի Հայեր կ՚ապրին, բայց հոն դպրոց չունինք։ Եղած եմ հիւսիսային Ամերիկա, հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա, հանդիպած եմ ընտանիքներու, որոնց զաւակները հայերէն չեն խօսիր։ Հայ դպրոցը այն վայրն է, ուր մեր զաւակները հայերէն կրնան խօսիլ. անշուշտ հայերէնի կողքին պէտք է նաեւ սորվիլ պատմութիւն, հայկական մշակոյթ, երգ, արտասանութիւն։ Դպրոցի կողքին պէտք է զարկ տալ արտադպրոցական հայկական կեանքին՝ ստեղծելով տիկնանց, օրիորդաց յանձնախումբեր, աշակերտական ակումբներ, որպէսզի քով-քովի գան, միասին աշխատին, հայերէն խօսին, ընկերային մթնոլորտ ստեղծեն, որպէսզի մեր երիտասարդները իրարու ծանօթանան եւ ինչու չէ՝ ամուսնութիւններ կնքեն եւ ընտանիք կազմեն։
Ֆրանսայի մէջ շատ ընդհանրացած է հայկական պար սորվիլը. այս մէկը լաւ է. բայց ասոր կողքին պէտք է թատրոնի խումբեր հիմնել, ասմունք սորվիլ, պատմութիւն սորվիլ։
– Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այսօրուան հայկական դպրոցը սփիւռքի (Ֆրանսայի) տարածքին։
Ես գիտեմ, թէ մեր ուսանողները Brevet-էն ետք Bac առնելու համար օտար վարժարան կ՚երթան, ուր արդէն առիթ չունին հայերէն խօսելու։ Պէտք է մեր բոլոր դպրոցները մինչեւ Bac ըլլան, որպէսզի մեր աշակերտները հայկական միջավայրի մէջ մնան, հայերէն լսելու եւ խօսելու առիթ ունենան։ Ինչ կը վերաբերի մանկապարտէզին, առաջարկս է, որ մանկապարտէզին մէջ գոնէ երկու տարի խօսուող եւ դասաւանդուող լեզուն միայն հայերէն ըլլայ, որովհետեւ մանկապարտէզին մէջ է, որ կը դրուին մանուկի մը կրթական կեանքին հիմերը։
Պզտիկները պէտք է առիթ ունենան քով-քովի գալու, խումբեր կազմելու, միասին դաս սորվելու։ Մարզանքն ալ շատ կարեւոր է, մարզական կեանք պէտք է ստեղծել։ Այս է իմ վերջին փափաքս։ Մանուկը չի գիտեր, ծնողքը պէտք է այս քայլը առնէ եւ իր զաւակը հայկական միջավայր առաջնորդէ։
Նիւթը՝ «Նոր Յառաջ»էն