image

Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան մասնակից Մուսուլի կարեւոր ժողովի մը

Գերշ.  Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան մասնակից Մուսուլի կարեւոր ժողովի մը

Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան մասնակցեցած է Մուսուլի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր ժողովին։

«Արեւելք» վերահասու դարձաւ այս մասին Իրաքի Թեմի  Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

2025 թուականի Սեպտեմբերի 1-ին, Մուսուլի քաղաքապետի հրաւէրով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը մասնակցեցաւ Մուսուլի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր ժողովին, որուն  ներկայ եղաւ Իրաքի հանրապետութեան վարչապէտ՝ Պարոն Մուհամմեդ Շիաա Ալ-Սուտանին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարաբնոյթ հարցեր, եւ յատկապէս Մուսուլ քաղաքի վերականգման աշխատանքներուն վերաբերող կարևոր գործեր։