Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն վերահասու կը դառնանք, որ օրերս Տուպայի մէջ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ընդունած է ԱՄէ-ի մէջ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։
Եկեղեցական եւ յարանուանական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ պահպանող Տ. Մեսրոպ Սրբազան կարեւորագոյն աշխատանք կը տանի, ոչ միայն համայնքային մակարդակով, այլ նաեւ իր աչալրջութեան շնորհիւ կը կարողանայ ըստ արժանւոյն գնահատելի դարձնել ոչ միայն Հայց. Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ հայութեան դերը Արաբական Ծոցի երկիրներու կտրուածքով։
Յաջողութիւն սիրելի Սրբազան Հօր։
Ստորեւ դիմատետրեան լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս, ներկայութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանին եւ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Զարեհ Գալայճեանին, ընդունեց եթովպիոյ Դեսպանը որուն կ՛ընկերակցէին տարածաշրջանէն ներս ծառայող Հոգեւոր դասը եւ Ազգային Վարչութեան անդամները:
Հանդիպման հիմնական նպատակն էր քննարկել համաճարակին վերջին զարգացումները, յատկապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գործածութիւնը Եթովպիոյ համայնքին կողմէ:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ զոյգ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, որուն արդիւնքն է աւելի քան 24 տարուայ ընթացքին Եթովպիոյ համայնքին տրամադրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, իրենց արարողութիւնները կատարելու համար:
Պրն. Դեսպանը իր կարգին ողջունեց հոգեւոր դասուն ու Ազգային Իշխանութեան բարիացակամ մօտեցումը Եթովպիոյ համայնքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած օժանդակութեան: