Մեկնարկած են «Էներգետիկայի շաբաթ 2017» նախաձեռնութիւնները, որոնց ծիրին մէջ 25 Յունուարին տեղի ունեցած է համաժողով, որուն մասնակցած է նաեւ երկրին ղեկավարը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է ուժանիւթի բնագաւառը, զայն նկատելով մեր տնտեսութեան կարեւոր ճիւղը: Յունուար 25-27ին կատարուող նախաձեռնութիւններու շարքը կը ներառէ նաեւ եռօրեայ ցուցահանդէս, որուն ծիրին մէջ ներկայացուած են տեղական արտադրողներ եւ ոլորտի մասնագիտական ընկերութիւններ:
40 օտար ընկերութիւններ դահլիճին մէջ քննարկած են այն, թէ ինչպէս կարելի է ջերմութիւն ստանալ Հայաստանի արեւէն: Ցուրտ օրուան համար անհաւանական է, սակայն բառի իսկական իմաստով կարելի է՝ արեւոտ Հայաստանի մէջ արեւային կայաններ կառուցելով: Աշխարհի մէջ այդ կայաններուն կառուցման առաջատարը կը նկատուի Չինաստանը: Սիէն Թիոն Հայաստան եկած է՝ գիտնալու, թէ կ՛արժէ՞ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
«Չինաստանը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ: Մենք արեւային ուժանիւթային կայաններու արտադրութեամբ զբաղող մեծագոյն երկիրն ենք: Վստահ ենք, որ Հայաստան կը համապատասխանէ արեւային կայաններու տեղադրման: Կը փափաքինք նման կայաններ կառուցել այստեղ»:
Գեղարքունիքի մարզի Մասրիկ 1 տեղանքին մէջ պիտի կառուցուի առաջին արեւային կայանը: Մրցոյթը արդէն յայտարարուած է: Շուրջ 40 ընկերութիւն ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, պիտի մասնակցի անոր: Կայանի նախատեսուող հզօրութիւնը 55 մեկաուաթ է, թէեւ տուեալ վայրին մէջ կարելի է գրեթէ կրկնակի հզօրութիւն ապահովել: Մրցոյթով պիտի ընտրուի նուազագոյն սակով ներկայացուող առաջարկը:
Ֆրանսական ընկերութիւնը, զոր կը ներկայացնէ Ֆրանսիսքօ Քէուշ, եւ որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նման ներդրումներ կը կատարէ, Հայաստանի ներկայացուցած թիւերով ոգեւորուած է:
Նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է այն հարցին, թէ օտար ներդրողներուն համար ի՞նչ երաշխիքներ կան Հայաստանի մէջ։ «Այս բնագաւառը հիմա մեր երկրի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերից մէկն է: Վերջին տարիներին էական ձեռքբերումներ է գրանցուել, բարձրացել է էներգետիկ անվտանգութեան մակարդակը, ծառայութիւնների մատուցումը բարձր մակարդակի է, իսկ միջազգային կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ գրեթէ ամբողջովին արդիականացուել են խոշոր բարձրավոլտ ենթակայանները: Հիմա նոր հզօրութիւններ ստեղծելու, ելեկտրահաղորդման նոր գծեր կառուցելու, նոր տեխնոլոգիաներ ներդնելու ժամանակն է», յայտնած է ան։
«Տարածաշրջանային առումով արդիւնաւէտ համագործակցում ենք մեր հարեւանների՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Վրաստանի հետ: 2019 թուականին շահագործման կը յանձնուեն Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման գծերը, որոնք լիովին նոր մակարդակի կը բարձրացնեն Հայաստանի էներգետիկ համակարգը: Նշուած ծրագրերի իրագործումը թոյլ կը տայ իրականացնել ելեկտրաէներգիայի տարանցումներ, սեզոնային փոխհոսքեր եւ փոխանակումներ, առեւտրային այլ գործարքներ», ըսած է նախագահ Սարգսեան: