Օրերս Գանատայի Թեմէն ներս գումարուած է Թեմի նորընտիր Ազգային Վարչութեան անդրանիկ նիստը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ներկայացուած հաղորդագրութիւնը.
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան 2024-2025 թուականի անդրանիկ լիակատար ժողովը՝ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիակոպոս Չարեանի, տեղի ունեցաւ 24-25 Մայիս 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Ազգային Վարչութիւնը նկատի ունենալով նաեւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի (3-4 Մայիս) առաջարկներն ու թելադրանքները, ծրագրեց 2024-2025 տարեշրջանի իր աշխատանքները։