image

Հանրայայտ դերասան Սամուէլ Թադեւոսեան՝ «Dior»ի դէմքերէն մին դարձաւ

Հանրայայտ դերասան Սամուէլ Թադեւոսեան՝ «Dior»ի դէմքերէն մին  դարձաւ

Հայ դերասան եւ բնորդ Սամուէլ Թադեւոսեան իր մասնակցութիւնը բերած է ֆրանսական աշխարհահռչակ նորաձեւութեան «Dior» տան տղամարդոց ձմեռնային հաւաքածոյի նոր գովազդային արշաւին։

«Ճշգրտութեան ուսումնասիրութիւն» կարգախօսով արշաւը նուիրուած է տղամարդոց դասական հագուստի, մասնաւորաբար՝ տարազի ժամանակակից մեկնաբանութեան։ Նոր հաւաքածոյին մէջ շեշտը դրուած է նրբագեղութեան, ձեւերու ճշգրտութեան եւ մանրակրկիտ վարպետութեան վրայ։

Սամուէլ Թադեւոսեան հայ հանդիսատեսին ծանօթ է յատկապէս «Կեանք եւ կռիւ» շարժանկարէն, ուր ստանձնած էր գլխաւոր դերերէն մէկը։ Ան հետագային մասնակցած է տարբեր շարժանկարներու եւ այլ նախագիծերու՝ դերասանական ասպարէզին զուգահեռ գործունէութիւն տանելով նաեւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ։