image

Գանատայէն պատիժներ նաեւ հայազգի ռուսահպատակներու դէմ

Գանատայէն պատիժներ նաեւ հայազգի ռուսահպատակներու դէմ

Գանատայի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան 38 քաղաքացիներու նկատմամբ։

Գանատայի պատժամիջոցներու ցուցակին յայտնուած են հայազգի ռուս կատակերգակ Միխայիլ Գալուստեանը, յայտնի երգիչ Տիմա Պիլանը, դերասան Մարատ Պաշարովը, երգչուհի Նատեժտա Պապքինան, հեռուստահաղորդավարուհի Տանա Պորիսովան եւ այլք։

Գանատայի կառավարութեան պարզաբանման մէջ նշուած է, որ յիշեալ անձինք «ներգրաւուած են ռուսական ապատեղեկատւութեան եւ քարոզչութեան տարածման մէջ»։

Նշուած կազմակերպութիւններու շարքին են ռուսական լրատուամիջոցներ՝ «ՌԻԱ Նովոսթի», «Ռուսիա Այսօր» եւ այլն։