image

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ճիգերով համաշխարհային մտքի տիտանները՝ հայերէնով

 «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի  ճիգերով   համաշխարհային մտքի տիտանները՝  հայերէնով

 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի  ճիգերով   համաշխարհայ=Հայաստանի մէջ լոյս տեսած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորած թարգմանական շարքի առաջին երեք գիրքերը։ Շարքին նպատակն է  հայերէնի  թարգմանել հասարակական եւ մարդասիրական նիւթերու ամէնէն  ծանրակշիռ   աշխատութիւնները։

Առաջին հրատարակուած գիրքը Ճորճիօ Ակամպէնի «Մնացորդք Աւշուիցի. Արխիւը եւ վկան» (Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone) գործն է, որ արեւմտահայերէնի թարգմանած է  Մարկ Նշանեան եւ հրատարակուած Actual Art հրատարակչատան կողմէ։ Գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1998-ին, կը քննէ Աւշուիցէն փրկուածներու վկայութիւններու բարձրացուցած փիլիսոփայական եւ ցեղային հարցերը:

Այն հարցումին, թէ ինչու միջազգային գիրքերու թարգմանութիւնը կարեւոր է, Մարկ Նշանեան բացատրած է. «Թարգմանութիւնը կարեւոր է  քանի մը պատճառներով: Նախ, որովհետեւ պէտք է ծանօթանանք հայերէն լեզուով աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ գիրքերուն, մանաւանդ անոնց, որոնք ակադեմական շրջանակներուն մէջ ուղղութիւններ կը սահմանեն: Երկրորդ, որովհետեւ լեզու մը կենդանի մնալու եւ իր կենսունակութիւնը պահելու համար,  պէտք է փոխ ազդեցութիւն ունենայ դուրսի աշխարհին  հետ, պէտք է «չափուի» օտարին հետ։ Եւ վերջապէս, քանի որ թարգմանութիւնը շատ նուրբ եւ դժուար աշխատանք է, կը պահանջուի թարգմանիչէն փորձել, ստուգել եւ ընդլայնել իր մայրենի լեզուի կարողութիւնները: Այս թարգմանական շարքը լաւ առիթ է, որպէսզի հայերէն լեզուի երկու ճիւղերը (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) լսեն, հանդիպին, նաեւ կարդան զիրար»։

Երկրորդ գիրքը Յուրկէն Հապերմասի «Հանրայնութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնը: Հետազօտութիւններ պուրժուական հասարակութեան կատեգորիայի շուրջ» (Strukturwandel der Öffentlichkeit. Untersuchungen zu einer Kategorie der bürgerlichen Gesellschaft) գործն է, որ արեւելահայերէնի թարգմանած է Հրաչեայ Ստեփանեան եւ հրապարակուած «Անկիւնաքար»ի կողմէ։ Գիրքը, առաջին անգամ լոյս տեսած է 1962-ին, ան կարեւոր ներդրում մըն է ժողովրդավարութեան արդի հասկացողութեան մէջ: Գիրքը, հիմնուելով եւրոպական փորձին, կը կեդրոնանայ  հանրային ոլորտի ժողովրդավարացման գործընթացին վրայ:

Ստեփանեան անդրադառնալով կարգ մը դժուարութիւններու, որոնց հանդիպած է թարգմանութեան ընթացքին ըսած է,- «Այս գիրքի թարգմանութեան պարագային, յաւելեալ խնդիր մը կար, թէ ինչպէս խուսափիլ կարելի եղածին չափ օտար բառերու գործածութենէն եւ օգտագործել  հայերէն կամ հայկականացուած համարժէքները, ինչ որ այլ դժուարութեան տեղիք կու տար՝  ներկայացնել բովանդակութիւնը բառապաշարով մը, որ այնքան ալ ծանօթ չէ ընթերցողներուն,  մանաւանդ եթէ  այդ նախադասութիւնները ունին զանազան իմաստներ եւ բարդ են: Հետեւաբար, որպէս  լուծման  փորձ, որոշեցի օգտագործել բնօրինակ գիրքին բառերը քովը փակագիծի մէջ նշելով անոր համարժէք հայերէնը»: 

Երրորդ գիրքը, որ  հրատարակուած է Երեւանի Newmag-ի կողմէ, Ալան Բադիուի «Դարը» գործն է (Le Siècle), որ արեւելահայերէնի թարգմանած է Նազենի Ղարիպեան։ Ան առաջին անգամ լոյս տեսած է ֆրանսերէնով Éditions du Seuil-ի կողմէ 2005-ին: Գիրքը քաղաքականութեան, փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան մասին է, որոնք միասնաբար կը հիւսեն իրար հետ առնչութիւն չունեցող մօտեցումներ ու առարկաներ: Փաթիուի 20-րդ դարու վերլուծութիւնը հիմնուած է մէկ կողմէն 20-րդ դարու բանաստեղծութեան, թատրոնի եւ գրականութեան տեսութեան վրայ եւ միւս կողմէ՝ դարու ամբողջատիրական իրողութիւններուն վրայ: Բադիուն կ'որոնէ բովանդակալից պատմութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր սովորական մօտեցումներով հիմնուած «տրամաբանութեան» կամ «բանավէճերու» վրայ։

«Թարգմանութիւնը ընդհանրապէս եւ փիլիսոփայական միտքերու թարգմանութիւնը մասնաւորապէս ամէնէն կարեւոր ռազմավարական խթանիչն է որեւէ լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման համար, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան համար»,- ընդգծած է Նազենի Ղարիպեան։ «Այս առումով Կիւլպէնկեան հիմնադրամի կողմէ ձեռնարկուած թարգմանութիւններու այս շարքը պակասներ ամբողջացնելու աննախադէպ առիթ է, որ ոչ միայն կ'ընծայէ նոր ու թարմ սնունդ հայերէն լեզուին, այլ նաեւ ուղղակիօրէն կը հարստացնէ արդի հայերէնը։ Այս իր հերթին կ'ընդլայնէ մտքերու նորարարական հորիզոնը որեւէ տեսակի ոլորտէ ներս», աւելցուցած է Ղարիպեան:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի թարգմանական շարքը կը ձգտի նուազեցնել այն բացը, որ ստղծուած է  Հայաստանի հայ մտաւորականներուն եւ արեւմտեան աշխարհի ընկերային ու մարդասիրական գիտութիւններու արդի մօտեցումներուն միջեւ: Շարքի նախագիծով  պիտի հրատարակուին 10 գիրքեր, որոնք կը նկատուին 20 եւ 21-րդ դարու ամենաազդեցիկ ակադեմիական բովանդակութեամբ գործերը, եւ որոնցմէ որեւէ մէկը ասկէ առաջ չէ թարգմանուած հայերէնի:  Այս նախագիծը կ'իրականացուի Հայաստանի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի կողմէ, համագործակցութեամբ «ARI» Գրականութեան Հիմնադրամին։

Առաջիկայ ամիսներուն պիտի հրատարակուին նաեւ հետեւեալ գիրքերը,- Էտուարտ Սայիտ՝, Orientalism (արեւելագիտութիւն). Հաննա Արենտ, The Origins of Totalitarianism (Ամբողջատիրութեան ծագումը). Միշել Ֆուքօ, L’archéologie du savoir (Հնագիտութեան գիտելիքները). Անթոնիօ Կրամշի, Quaderni del carcere (selezioni) (Բանտի տետրակները  (ընտրանի)). Սիմոն Տը Պուրուար, Le deuxième sexe (երկրորդ սեռը). Ժիւտիթ Պաթլըր, Էրնէսթօ Լաքլու եւ Սլավօ Զիզէք` Contingency, Hegemony, Universality (Պատահականութիւն, Գերագահութիւն, տիեզերականութիւն). Ժան-Ֆրանսուա Լիոտար, Instructions Païennes and La condition postmoderne (հեթանոսական ցուցմունքներ եւ յետարդիականութեան վիճակ):

Գիրքերը կարելի է գտնել Երեւանի բոլոր մեծ գրախանութներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի որոշ գրախանութներու մէջ կամ դիմել «ARI» գրականութեան հիմնադրամին:

Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական շարքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է ստանալ Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի թարգմանկան շարքի բացատրողական  յառաջաբանէն։ 

Նիւթը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի կայքէն