Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշիին մէջ մեկնարկած է «Թուային անցումներ. տեղեկատուութեան եւ լրատուամիջոցներու դիմադրողականութեան ամրապնդում արհեստական բանականութեան դարաշրջանին» թեմայով երրորդ համաշխարհային մետիա ֆորումը։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, ֆորումին կը մասնակցին 52 երկիրէ մօտ 140 հիւր, անոնց շարքին՝ աւելի քան 30 լրատուական գործակալութեան, 7 միջազգային կազմակերպութեան, մօտ 80 մետիա կառոյցի, ինչպէս նաեւ այլ մասնագիտացուած հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպումներ ունեցած է համաշխարհային մետիա ֆորումի մասնակիցներուն հետ։