Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Այխան Կաճիզատէն մեկնաբանած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի՝ «France Inter» հանրայի ռատիոյի հետ հարցազրոյցը, որուն մէջ ֆրանսացի պաշտօնեան յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղը հայերով բնակեցուած անկլաւ է Ատրպէյճանի մէջ։ Ան նաեւ շեշտած էր, որ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ շրջափակուած մնալ՝ պահանջելով բանալ այն։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակի խօսքով՝ նման յայտարարութիւնը «անարգալի վերաբերմունք է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ»։
«Եւս մէկ անգամ կ'ուզենք յիշեցնել Ֆրանսայի ԱԳ նախարարին, որ Ղարաբաղի տարածաշրջանը միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնիշխան տարածք է եւ Ատրպէյճանի բաղկացուցիչ մասը», - նշած է Կաճիզատէն։
Անդրադառնալով Հակարիի կամուրջի վրայ հսկիչ անցագրային կէտի տեղակայման՝ ԱԳՆ խօսնակը շեշտած է, որ «Ատրպէյճանը կ'իրականացնէ իր սահմաններու պաշտպանութիւնը, եւ անցակէտի հատումը տեղի կ'ունենայ երկրի օրէնսդրութեան եւ միջազգային մակարդակով ընդունուած կանոններու համաձայն»։
«Ֆրանսական կողմը պէտք է վերջ դնէ խաղաղութեան ու կայունութեան չնպաստող նման սադրիչ միտքերուն», - յայտարարած է ան։