image

Ֆինլանտա եւ Շուէտ ՆԱԹՕ-ին միանալու յայտ ներկայացուցին

Ֆինլանտա եւ Շուէտ ՆԱԹՕ-ին միանալու յայտ ներկայացուցին

ՆԱԹՕ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկին պաշտօնապէս ներկայացուցած են իրենց երկիրներու ՆԱԹՕ-ին միանալու յայտերը: Յանձնման առցանց արարողութիւնը հեռարձակած է դաշինքի մամուլի ծառայութիւնը:

Սթոլթընպըրկ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ն կ'ողջունէ դաշինքին միանալու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի յայտերը, մտադիր է ապահովել, որ անոր համար անհրաժեշտ բոլոր հարցերը հնարաւորինս շուտ լուծուին: Ան ընդգծած է, որ այժմ ՆԱԹՕ-ն պիտի զբաղի իր անվտանգութեան համակարգը Պալթեան երկիրներուն մէջ պատշաճեցնելու հարցով:

«Ես ջերմօրէն կ'ողջունեմ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕ-ին միանալու խնդրանքը: Այն յայտերը, որոնք դուք այսօր ներկայացուցած էք, պատմական քայլ է: Դաշինքը այժմ պիտի քննարկէ ՆԱԹՕ-ի ճանապարհին յաջորդող քայլերը: Պէտք է հաշուի առնել բոլոր երկիրներու անվտանգութեան շահերը, եւ մենք վճռական ենք լուծելու բոլոր հարցերը եւ հասնելու ընդունելութեան գործընթացի արագ աւարտին», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Սերկէյ Ռեապքով օրերս յայտարարած էր, որ Ռուսիան պարզապէս պիտի չհաշտուի ՆԱԹՕ-ին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութեան հետ` Արեւմուտքին կոչ ընելով այս առիթով պատրանքներ չփայփայելու: