image

Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի անուան օդակայան»ը. Կամ Լիբանանի իրական «բանալին»

Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի   անուան օդակայան»ը. Կամ Լիբանանի իրական «բանալին»

 Ամենակարեւորը ի վերջոյ պիտի փարատին այն մեծ  կասկածները, որոնք կը խօսին այն մասին, թէ ո՞վ է այսօր լիբանանեան ներքին գետինին իսկական տէրն ու տիրականը։Ի դէպ  իրանեան օդանաւին կամ օդանաւերուն դէպի  Պէյրութ  հասնելու  դէմ եղած արգելքը «դիւրին պատառ» մը չէ «Հըզպալլա»ին համար եւ Սուրիոյ վիճակը դիտարկելով, բոլորին համար յստակ է արդէն, որ առնուազն նիւթական (պէնք նոթ) նեցուկի  կամ այլ տեսակի զօրակցութիւն ունենալու համար, Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրիի անուան օդակայանը» կը շարունակէ այն միակ օղակը, որուն ճամբով ալ «Հըզպալլա» պիտի կարողանայ  թթուածին ունենալ։ 

Մէկ խօսքով, այսօր իրողապէս հասկնալու համար Լիբանանի իրական արեւելումն ու այնտեղ գոյացած  քաղաքական նոր արեւելումը, ապա անկասկած հարկ է նայիլ, թէ որու  ուժին եւ իշխանութեան ներքոյ կը գտնուի օդակայանը... իսկ անկէ դուրս բոլոր տեսակի բողոքի ալիքները, պարզապէս ժամավաճառութիւն են։ Լիբանանը մտած է նոր կարեւոր հուն մը, եւ այդ մէկուն հետ պարտաւոր են բոլորը հաշուի նստիլ ու հասկնալ նոր իրողութիւնները։

 Կասկածէ վեր է, որ յառաջիկայ օրերը կարեւոր յստակացումներ պիտի բերեն Լիբանանի ներքին իրավիճակին։

 Երկիր մը, որուն հիմնական «բանալին» եւ արտաքին աշխարհին հետ ամենակարեւոր  կապի միջոցը  օդակայանն է, անցնող օրերուն դարձեալ դարձաւ ուշադրութեան կեդրոն։ Իսրայէլի կողմէ լսելի դարձած եւ շատ հաւանաբար ամերիկացի բանագնացի, կամ բանացնացներու բերնով լիբանանցի  պաշտօնատարներու սեղանին հասած «լուրջ սպառնալիք»ները կամ սպառնալիքներու խօսոյթը շատ բան փոխեց գետնի վրայ։ 

 Իրանեան օդանաւ մը (հաւանաբար  մէկէ աւելի օդանաւեր), որոնք կը պատրաստուէին Պէյրութ հասնիլ վերջին պահուն ջնջեցին իրենց թռիչքները, եւ այդ առումով ալ  թռիչքներու նոր թուականներ չյայտարարուեցան։Եղածին ի պատասխան Լիբանանի շիիթ համայնքի անդամներ, որոնք առաջին հայացքով մը, ոչ այդքան կազմակերպուած էին, իջան փողոց, ճանապարհներ փակեցին, ՄԱԿ-ի («Եունիֆիլ»ի) ուժերուն դէմ  քայլեր առին, հրասայլ վառեցին եւ մէկ խօսքով Պէյրութը «տակնուվրայ» ըրին։ Խնդիրն անշուշտ միայն «տակնուվրայութիւն» մը ստեղծելը չէ, ինչքան որ «Հըզպալլա»ի եւ անոր շրջանակին «պատրաստակամութիւն»ը երկրին մէջ բողոքի ալիքներ իրականացնելու։

 Գիտենք, որ «Հըզպալլա»ն առաջուան ուժը չունի։ Ուժը եւ զէնքը չունի Իսրայէլին հարուածներ տալու համար, ուժը եւ ներուժը չունի առաջուան կազմակերպուած  աշխարհազօրայիններով մարտ մղելու, առաջուան  ուժը եւ ներուժը չունի նոր պայքար մը բանալու համար, ու առաւելապէս առաջուան խստաբարոյ եւ «տիսիփլին» պարտադրող  Սէյիտ Հասան Նասրալլան չունի, որպէսզի կարողանայ գետնի վրայ «նոր եղանակ» մը ստեղծելու...։

 Այս բոլորն անշուշտ կը խօսին եւ կը պատմեն այն մասին, որ «Հըզպալլա»ն ոչ միայն առաջուանը չէ, այլ   այնպիսի բարդ վիճակի մը մէջ է, որ շրջանային ուժեր  սկսած են իրողապէս դիտարկել, որ Լիբանանի մէջ  ամերիկեան նոր ծրագրին դէմ լուրջ բողոքի ձայներ պիտի չըլլան...։ 

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ներքին ճակատին, ապա Լիբանանցի հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը,  շատ  լուրջ  հայացքով մը կը հետեւի զարգացումներուն եւ իր մտքին մէջ է «Հըզպալլա»ի այն տխուր արարքները, որ տեղի ունեցան  մօտիկ անցեալին։  2008 Թուականին «Հըզպալլա»ն բողոքի ալիք մը հունաւորեց,  հրապարակ իջաւ, բռնի ուժ կիրառեց եւ  զօրաւոր ապտակ մը իջեցուց երկրի սիւննի բաղկացուցիչին։

Անկէ ետք  գոյացաւ «Տոհայի համաձայնութիւն»ը, որմէ ետք ալ «Հըզպալլա» եւ նոր կողմակիցները կարողացան ամբողջութեամբ իրենց ձեռքերուն մէջ առնել Լիբանանը...։ 

 Տհաճ ըլլալէն բացի, եղածը վիրաւորական էր բոլոր լիբանանցիներուն համար, ու այն պատճառը, որուն համար «Հըզպալլա»ն փողոց իջաւ բնաւ արդարանալի չէր։ 

 Այդ օրերուն Լիբանանի կառավարութիւնը  որոշած էր  ապահովական նոր պատասխանատու մը նշանակել Պէյրութի օդակայանին համար, բան մը որ «շատ ծանր որոշում» համարուեցաւ «Հըզպալլա»ին կողմէ ու անկէ ետք է, որ  այդ կուսակցութեան «համբերութեան բաժակ»ը յորդեցաւ...։

 Այս դրուագը ի հարկէ մէկ փոքր պատում մըն է այն  վիճակներէն, որոնք առաւելաբար կը պատմեն «Հըզպալլա»ի միահեծանութեան  մասին, որ անցնող աւելի քան  տարիներուն տիրական էր Լիբանանի մէջ։

Այս բոլորէն անդին, նոյնինքն «Հըզպալլա»ն շատ լաւ հասկցած է, որ Լիբանանի մէջ մօտիկ անցեալի իրավիճակը այլեւս չկայ։ 

 Կայ միջազգային ուշադրութիւն, կայ ուժեղ նախագահ եւ կայ անշուշտ վճառականութեամբ մը արտայայտուող վարչապետ ու կառավարութիւն։

Ու եթէ այս բոլորը քով-քովի շարենք, մեզի համար ամենայստակ հարցադրումին սլաքը պիտի ուղղուի դարձեալ «Հըզպալլա»ի ուղղութեամբ։

Արդեօ՞ք այդ կուսակցութեան մէջ այս օրերու վարքին դէմ  մօտեցում ունեցողներ կա՞ն կամ ոչ։ Եւ արդեօք Լիբանանեան բանակը բաւարար ուժ եւ կամք ունի  «գետին»ը իր ձեռքերուն մէջ պահելու։

րատուական աղբիւրներ, որ անցնող օրերու իրավիճակը  վերլուծել փորձեցին իրենց  արտայայտութիւններուն մէջ   շարադրեցին կարեւորագոյն հարցումներ։  Հարցադրումները կապ ունէին Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մասին էին, ու առաւելաբար «Հըզպալլա»ին մասին, այն իմաստով, որ այս կուսակցութիւնը եթէ այս վարքով շարունակէ իր գործունէութիւնը,  այն կրնայ դառնա՞լ  լուսանցքային ուժ, կամ թէ նման շարժումները աւելիով պիտի զօրացնեն զինք...։

 «Ա»