image

Եւրոպական Միութիւնը պիտի քննարկէ Ռուսաստանի հարցը

Եւրոպական Միութիւնը պիտի քննարկէ Ռուսաստանի հարցը

Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովը, որ կը նախատեսուի իրականացնել 25-26 Մարտին, Եւրոպայի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երրորդ ալիքի պատճառով պիտի կայանայ առցանց ձեւաչափով: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշելի ներկայացուցիչ Պարենտ Լէյթսը։

Կը սպասուի, որ առաջիկայ գագաթնաժողովի գլխաւոր թեման պիտի դառնայ ԵՄ անդամներու կողմէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու վերանայումը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

«ԵՄ երկիրներուն մէջ COVID-19 հիւանդացութեան աճի պատճառով Եւրոպական խորհուրդի նախագահը որոշում կայացուցած է մարտ 25-26-ին նախատեսուած գագաթնաժողովը կ'այացնել տեսահամաժողովի ձեւաչափով»,- յայտարարած է ան։

Շառլ Միշելն աւելի վաղ քանիցս ընդգծած է, որ առաւել բարդ բանավէճերը ԵՄ-ի ղեկավարները կը նախընտրեն քննարկել անձնական հանդիպումներու ժամանակ։