Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պըրպոք ընդգծած է Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը եւ յայտարարած, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը ներառուած է 31 օգոստոսին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման օրակարգին վրայ։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ։
«Ես եւ իմ ֆրանսացի գործընկերը (Քաթրին Քոլոննա-խմբ.) օրակարգին վրայ նաեւ ներառած ենք իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այնտեղ մարդոց վիճակն աղէտալի է», - ըսած է Պըրպոք Թոլետօ քաղաքին մէջ ԵՄ արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ժամանած ատեն:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է նաեւ Արցախի մէջ ելեկտրամատակարարման խափանումներու մասին՝ շեշտելով մարդոց բնականոն կեանքի համար Լաչինի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը։
«Եւ այդ իսկ պատճառով մենք վճռական կոչով կը դիմենք Ատրպէյանին եւ Ռուսիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է ստանայ այն, ինչ հարկաւոր է կեանքի համար: Լաչինի միջանցքը պէտք է ազատ ըլլայ մարդասիրական օգնութեան համար», - ընդգծած է Անալենա Պըրպոք։
Պըրպոք նաեւ նշած է, որ արդէն քանի մը օր է ինչ կարծիքներու փոխանակում տեղի կ'ունենայ ամերիկացի գործընկերներուն հետ՝ երաշխաւորելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը վերջապէս ստանայ մարդասիրական օգնութիւն։