Եւրոպական խորհրդարանը որոշած է դիտորդներ չուղարկել փետրուարի սկիզբը Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն: Այս մասին ըսուած է Եւրոխորհրդարանի առաջատար պատգամաւորներու յայտարարութեան մէջ։
«Եւրոպական խորհրդարանը պիտի չդիտարկէ ընտրութիւններու գործընթացը եւ, հետեւաբար, պիտի չմեկնաբանէ ոչ բուն գործընթացը, ոչ ալ ատոր արդիւնքները», -ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբերի սկիզբը Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է 2024 թուականի փետրուար 7-ին արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու մասին։
Ատրպէյճանի նախագահը կ՚ընտրուի 7 տարի ժամկէտով: Վերջին անգամ նախագահական ընտրութիւնները երկրին մէջ կայացած են 2018 թուականի գարնան, յաջորդը նախատեսուած էր 2025 թուականին: