Վերջին ժամերուն հաստատուած տեղեկութիւններ ստացանք այն մասին, որ Երուսաղէմի իրաւապահ մարմիններ արգելք դրած են համայնքի երիտասարդներէն՝ Սեդրակ Պալեանի «Կովերու պարտէզ» այցելութեան դէմ։
Կը նշուի նաեւ, որ դրուած արգելքը 15 օրուայ է եւ այն կրնայ երկարաձգուիլ։
Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ «Կովերու պարտէզ»ի թեման կը թէժանար այն պահէն ի վեր, երբ Երուսաղէմի հայոց Պատրիաք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. յետս կոչած էր իսրայէլացի յայտնի գործարարին հետ կնքուած գործարքը, որուն հիմքով «Կովերու պարտէզ»ը վարձակալութեան պիտի տրուէր՝ իսրայէլացի գործարարին։
Աւելի վաղ Պատրիարքը նպատակայարմար համարած էր այդ գործարքն իրականացնել հաշուի առնելով վանքի ու միաբանութեան նիւթական դժուարութիւնները։ Բնականաբար համայնքի անդամներ դժգոհ մնացած էին Պատրիարքի որոշումէն ծաւալած էր «ներքին պայքար» մը սրբագրելու համար ստեղծուած իրադրութիւնը։
Նշենք նաեւ, որ Սեդրակ Պալեան եւ իր ընկերները այսօրուայ կտրուածքով կը համարուին համայնքի այն երիտասրդներէն, որոնք պայքար մղեցին յետս կոչելու համար այդ գործարքը։
Յառաջիկային եւս թէժ զարգացումներ կը սպասուին, հաշուի առնելով, որ Պատրիարքարանը այս գործարքին կապակցութեամբ դիմած է իսրայէլեան դատական ատեան։