Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ»-Անգարա)- Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի, Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան այսօր ընթացող ընտրութիւններուն վերաբերեալ փափաք յայտնած է ունենալ «առանձին կուսակցութիւն կառավարութիւն» մը: «Մենք բոլորս պիտի յարգենք արդիւնքը, որ պիտի ստանանք քուէատուփերէն, բայց երբ կը նայինք աշխարհի այն հասարակութիւններուն, ուր կայունութիւն եւ վստահութիւն կը տիրէ, չենք հակուիր տեսնել քուալիսիոն կառավարութիւններ, աւելին, կը տեսնենք առանձին-կուսակցութիւն կառավարութիւններ, ըլլան անոնք մէկը, կամ միւսը»: Էրտողան խօսած էր լրագրողներուն ըսած է,«Եթէ մեր ազգը կատարէ առանձին կուսակցութեան իր ընտրութիւնը, այն ատեն ես վստահ եմ, որ գետին պիտի պատրաստեմ վերսկսելու միջավայրի կայունութեան եւ վստահութեան, որուն փորձառու եղանք 12-13 տարիներէ ի վեր» աւելցուցած է ան, ակնարկելով «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան (APK) , որուն հիմնադիրը կը համարուի: Պատասխանելով հարցումի մը, , թէ «վիրաւորուած» կրնայ զգալ, եթէ երբեք ընտրութեան արդիւնքները կարեւորեն քոալիսիոն կառավարութիւն կազմելը, «Ոչ, քաղաքականութեան մէջ զայրոյթ եւ յուսախաբութիւն չկայ» պատասխանեց ան:Մինչ այդ, Վարչապետ Ահմէտ Տաուտօղլու նշած էր, որ «Թուքիան յառաջացում չի կրնար արձանագրել եթէ 1 Նոյմեմբեր-ի արդիւնքները, առանձին կուսակցութիւն կառավարութեան չնպաստեն»:7 Յունիսի ընտրութիւններուն, Էրտողան ձեռնարկած էր շարք մը հասարակական հանրահաւաքներու, որոնց ընթացքին յայտնած էր իր նախասիրութիւնը հանդէպ առանձին կուսակցութեամբ երկիրը կառավարելու իր նախընտրութեան չնայած սահմանադրական դրոյթներուն, որոնք կը պահանջեն նախագահի անաչառութիւնը: Ընդիմախօսները պնդած էին, որ ան ուզած է ընտրութիւն մը եւս, որպէսզի APK-ն կարենայ շահիլ բաւարար մեծամասնութիւն հնարաւորութիւնը ունենալու փոխել կացութիւնը եւ առիթը տալու իրեն լիազօրուելու որպէս գործադիր նախագահ: Այս նախընտրական արշաւին APK-ն Ազգային Ժողովին մէջ 276 աթոռ ունեցաւ, օրէսդրականօրէն մեծամասնութիւն կազմելու թիւէն նուազ: Կացութիւնը փոխելու համար անհրաժեշտ էր 330 աթոռ: Երբ քոալիսիոն ձեւաւորելու մասին խօսակցութիւնները անարդիւք եղան, APK-ի գլխաւորը՝ Տաւուտօղլու ձեւաւորեց ժամանակաւոր կառավարութիւն այսօր ընթացող ընտրութեանց ընդառաջ: