image

12 Նոյեմբերին՝ Հայկական Սփիւռքին Նուիրուած Քննարկում

12 Նոյեմբերին՝ Հայկական Սփիւռքին Նուիրուած Քննարկում

12 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի մէջ տեղի պիտի ունեանայ Հայկական Սփիւռքի այժմէական հարցերուն նուիրուած քննարկում մը, որուն պիտի մասնակցին դոկտ. Դալար Շահինեան, Լիլիթ Քէշիշեան, Գեղամ Մուղնեցեան եւ Հրակ Փափազեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, 12 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Հայկական Արուեստներու կեդրոնին մէջ (250 N. Orange St. in Glendale, California) տեղի պիտի ունենայ Հայկական Սփիւռքի այժմէական հարցերուն նուիրուած քննարկում մը։

Քննարկումին պիտի մասնակցին դոկտ. Դալար Շահինեան, Լիլիթ Քէշիշեան, Գեղամ Մուղնեցեան եւ Հրակ Փափազեան, որոնք լուսարձակի տակ պիտի առնեն յատկապէս վերջերս լոյս տեսած՝  The Armenian Diaspora and Stateless Power Collective Identity in the Transnational 20th Century հատորին մէջ արծարծուած հարցերը։

Մուտք ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 243-4112 թիւն կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։