Վրաստանի խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքներով խորհրդարան անցած ընդդիմադիր չորս ուժէն երեքը նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան հանրահաւաք հրաւիրած է։ Անոնց միանալու մասին դեռ չէ յայտարարած Վրաստանի նախկին վարչապետ Կիորկի Կախարիայի «Կախարիան`յանուն Վրաստանի» կուսակցութիւնը։
Աւելի վաղ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն յայտարարած էր, որ խորհրդարանի ընտրութիւնն անցած է արտաքին աննախադէպ միջամտութեան պայմաններուն մէջ։
«Արտասահմանեան ֆինանսաւորումը Վրաստանի մէջ կ՚օգտագործուի քաղաքական նպատակներով: Այս ընտրութիւններուն մէջ աննախադէպ միջամտութիւն գրանցուած է դուրսէն, այդ շարքին՝ օտարերկրեայ փողերով»,-ըսած է Քոպախիձէն:
Որպէս արտաքին միջամտութեան օրինակ՝ վարչապետը նշած է ընդդիմութեան նախընտրական հանրահաւաք-համերգը, որ տեղի ունեցած է Թիֆլիսի մէջ հոկտեմբեր 20-ին՝ ընտրութենէն վեց օր առաջ։ Քոպախիձէի խօսքով՝ ցոյցը ֆինանսաւորած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք միջոցներ կը ստանան արտերկրէն: