image

Էրտողան- Ասատ մօտալուտ հանդիպո՞ւմ. Ռուս գործիչը խօսած է Փութինի նոր միջնորդութեան մասին

Էրտողան- Ասատ մօտալուտ հանդիպո՞ւմ. Ռուս գործիչը խօսած է Փութինի նոր միջնորդութեան մասին

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ յայտարարած է, որ Վլատիմիր Փութինի, Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Պաշշար Ասատի եռակողմ հանդիպումը հնարաւոր է, այն կրնայ կայանալ մերձաւորարեւելեան երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներէն ետք։

Լաւրենթեւ խօսած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին։ Անոր խօսքով, կան որոշակի դժուարութիւններ, այդ շարքին՝ թուրք զինուորականներու ներկայութիւնը սուրիական տարածքներուն մէջ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, բնականոնացման գործընթացին մէջ «դանդաղեցում» չկայ։

«Ընդհակառակը, այս գործընթացը կը զարգանայ ամէն ամիս։ Երբ կողմերը աւարտեն իրենց աշխատանքը, նախագահներուն պիտի տեղեկացնեն արդիւնքներու մասին՝ Փութինի ներկայութեամբ Էրտողանի ու Ասատի հանդիպումը կազմակերպելու համար»,- ըսած է դիւանագէտը։