image

Փութինի հետ հանդիպում կը նախապատրաստուի. Թրամփ

Փութինի հետ հանդիպում կը նախապատրաստուի. Թրամփ

ԱՄՆ ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ցանկութիւն յայտնած է հանդիպելու իր հետ. կողմերը նման հանդիպման համար նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին:

«Փութինը կը փափաքի հանդիպիլ, եւ մենք այդ կը կազմակերպենք»,-ըսած է Թրամփ՝ լրագրողներուն։

Պատասխանելով իր, Փութինի եւ Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինի եռակողմ հանդիպման հնարաւորութեան մասին հարցին՝ Թրամփ պատասխանած է, որ այդ պիտի որոշուի աւելի ուշ։

Աւելի վաղ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած էր, որ պատրաստ է հանդիպելու Տանըլտ Թրամփի հետ որեւէ պահի, բայց աւելի նպատակայարմար կը համարէ` անոր հնարաւորութիւն տալ ձեւաւորելու իր վարչակազմը եւ ստանձնելու պաշտօնը: